Անկիւրացի: Անտոնեան Միաբանութենէն: Պատրիարքութեան ամենակարճ շրջանը վարեց, մէկ տարի ու եօթը ամիս, զորս անցուց տառապագին վիճակի մէջ: Ան իր կեանքին մեծագոյն մասը անցուց որպէս նախորդ Պատրիարքներուն տեղապահ, Պատրիարքութեան մատակարար ու խոհեմ խորհրդատու:

Ան եղաւ նաեւ Էմիր Պէշիր Բ.ի խորհրդականը: Արդարեւ, Էմիր Պաշիր. Բ. ամուսնանալով ոչ-քրիստոնեայ չերքեզուհիի մը հետ, զայն քրիստոնէական կրօնին ու մկրտութեան պատրաստելու համար՝ դիմեց Գրիգոր Զ. սրբակեաց Պատրիարքին, որ իր տեղապահ Յակոբ Եպիսկոպոսը նշանակեց այդ առաքելութեան:

Այս հայ հոգեւորականին մասին խօսելով, Էմիր Պէշիր Բ. կ՛ըսէր.

– Ան տէրութեանս սիւնն է:

Ծանօթ է, որ Էմիր Պէշիր իր արժէքաւոր առարկաներէն մաս մը Զմմառի վանքը պահեստի կը դնէր, ամէն անգամ որ դէպքերը հարկադրէին զինք իր հողերէն հեռանալու: