«ՄԱՍԻՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ» ազգային, քաղաքական ու մշակութային հրատարակութիւն մըն է։ Ան սեփականութիւնն է Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ մաս կը կազմէ լիբանանեան քաղաքական մամուլին։

«ՄԱՍԻՍ» հիմնուած է 1947-ին, Պէյրութ, Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ, իբր բնաբան ունենալով «Որպէս զէն՝ Ճշմարտութիւն»ը։

«ՄԱՍԻՍ» սկսած է իբրեւ շաբաթաթերթ, օրաթերթերու կէս ծաւալով։ Սակայն, երկրի պայմաններուն բերումով, ան դարձած է ամսաթերթ, 48 էջնոց մակազինի մը ծաւալով։

Իր ազգային, քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրօնական, համայնքային, ժամանակակից բովանդակութեամբ, «ՄԱՍԻՍ» համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներուն առջեւ բացուող պատուհան մըն է, ինչպէս նաեւ քրիստոնէաճաճանչ փարոս մը։

«ՄԱՍԻՍ»ի առաջին խմբագիրը եղած է Յարութիւն վրդ. Թէքէեան (1947-1957), որուն մինչեւ 1960 յաջորդած է Ռաֆայէլ վրդ. Պայեան։ Ապա, եւ մինչեւ 1973, Վարդան վրդ. Թէքէեան վարած է խմբագրութիւնը իր թիկունքին ունենալով Մեսրոպ վրդ. Թերզեանը եւ բանաստեղծ, բանասէր, գրականագէտ Հրաչ Քաջարենցը։ Այնուհետեւ, «ՄԱՍԻՍ»ի խմբագրութիւնը ստանձնած է Հ. Անդրանիկ վրդ. Կռանեան աջակցութեամբ Հրաչ Քաջարենցին։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն պարբերաբար լոյս տեսնելէ ետք, անոր հրատարակութիւնը առկախուած է մինչեւ 2004 եւ հրատարակութիւնը վերսկսած է 2005-ի Հոկտեմբերին ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին նախաձեռնութեամբ ու քաջալերանքով, եւ կազմակերպութեամբ վաստակաւոր լրագրող-խմբագիր Սարգիս Նաճարեանին, որ միաժամանակ ստանձնած է թերթին յաչս պետութեան պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնը։ Պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը ստանձնած է Հ.Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան աջակցութեամբ Սարգիս Նաճարեանին։ 2013¬ին պատասխանատու խմբագիր նշանակուած է Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան` շարունակելով վայելել Սարգիս Նաճարեանին աջակցութիւնը։

«ՄԱՍԻՍ» սփռուած է աշխարհիս չորս կողմը գտնուող հայկական հաստատութիւններուն եւ անհատներու հասցէներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։