ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 12 Փետրուար 2022ին, կէսօրէ ետք ժամը 16։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Հաղորդամիջոցներու յանձնախումբը գումարեց արժեւորման ժողով մը zoom-ի միջոցաւ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, եւ մասնակցութեամբ հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանին, հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանին, տիար Ռոպէր Աթթարեանին, եւ տիկին Անոյշ Սարգսեանին։ Ժողովէն բացակայեցաւ տէր Յովսէփ Քհն. Գալստեանը։

Բացման խօսքին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց յանձնախումբին անդամները, անոնց տեղեկացնելով թէ Սիւնհոդոսական Հայրերուն որոշումով արհիապատիւ հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը նշանակուած է նախագահ հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին։ Ապա Հոգեւոր Տէրը խնդրեց մասնակիցներէն արժեւորել հաղորդամիջոցներու վերջին երկու տարիներու իրավիճակը։ Իւրաքանչիւր ժողովական խօսեցաւ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, առաջարկելով լուծումներ՝ ապագայի նոր տեսլականով։ Հանդիպումին աւարտին, մասնակցողները յարմար նկատեցին մօտ օրերուն անգամ մը եւս հանդիպիլ, ի պատրաստութիւն հաղորդամիջոցներու համագումարի մը։