ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

Հռոմ, 04-12 Փետրուար 2022

          Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 2022-ի Փետրուար 04-12, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, նախագահութեամբ նորընտիր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի: Բացակայ էին Թուրքիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի առաջնորդները վատառողջութեան պատճառով:

Սիւնհոդոսին աշխատանքները սկսան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատուցանեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, Հռոմի Ս. Վլասի անուան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, վերոյիշեալ Սուրբի տօնին առիթով:

Եկեղեցւոյ  եւ համայնքին վերաբերեալ եկեղեցական, հովուական, կանոնական եւ ընկերային հարցերը քննարկելէ ետք, Սիւնհոդոսական հայրերը ընտրութիւն կատարեցին թափուր մնացած աթոռները օժտելու նոր առաջնորդ եպիսկոպոսներով:

Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան փոխ-յարաբերութիւնները հայ թէ օտար քոյր եկեղեցիներու հետ: Նոյնպէս ուսումնասիրուեցան միջոցները ընդառաջելու Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչին ի նպաստ Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ՝ հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն բնաբանով:

Շեշտը դրուեցաւ աշխուժացնելու երանացման դատը Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Ընտրուեցան Մնայուն Սիւնհոդոսի, Բարձրագոյն Ատեանի անդամները, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու՝ Ծիսական, քահանայական կոչումներու, հաղորդակցութեան միջոցներու, ընտանիքի եւ երիտասարդաց յանձնախումբերու նախագահները:

Ի վերջոյ, ժողովական հայրերը նամակագրութիւն մը յղեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իրենց սէրը, գնահատանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելու անոր անձին, ի մասնաւորի՝ «Եկեղեցական Հաղորդութեան», զոր շնորհեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին, որուն միասնաբար հանդիսապետեցին, Սիւնհոդոսական հայերու մասնակցութեամբ, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, 02 Փետրուար 2022-ին, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ:

Սիւնհոդոսը փակուեցաւ Շաբաթ, 12 Փետրուար 2022-ին կէսօրին, ներկայութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ՝ վսեմաշուք Ծիրանաւոր Լէոնարտօ Սանտրիին:

 

Հռոմ, 12 Փետրուար 2022

Դիւան

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան