Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆԴՈՒՆԵՑԱՒ Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, ներկայութեամբ անոր քարտուղարին՝ Գերյ. Հ. Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեանի։

Աշրաֆիէյի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Ներկայացուցիչը՝ Յակոբ Բագրատունի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամ-անդամուհիները, որոնք մեր Ամենպտ. Եկեղեցապետին հետ քննարկեցին Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող զանազան հարցեր:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանը դիմագրաւող ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծումին համար անհրաժեշտ նկատուող միացեալ ջանքերուն ներդրումին հրամայականին։

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր խօսակիցներուն ներկայացուց նաեւ համագործակցութեան շուրջ իր տեսլականը՝ կոչ ուղղելով քրիստոնէական, ազգային եւ միասնական ոգիով աշխատանքին լծուելու. «Վեր բարձրանա՛լ անհատական հաշիւներէն ու գերադասել համընդհանուր շահերը մեր Ժողովուրդին եւ մեր Հայրենիքին»։