ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՍԿՈՒՄ

Երկուշաբթի 23 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ կանգնած Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ հսկումի հանդիսութիւն նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Հայր Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան՝ հաստատելէ ետք որ «չկայ աւելի վեհ ու վսեմ սէր ու կապուածութիւն քան այն որ մարդ կը տածէ հանդէպ ազգին ու հաւատքին», յարեց. «Այո’, անոնք չմեռան, այլ՝ նահատակուեցան : Անոնց թափած անմեղ արեան շնորհիւ է, որ վերընձիւղեցաւ մեր ազգը եւ իր արժանապատիւ տեղը գրաւեց միջազգային հանրութեան մէջ: Ահա թէ ինչու յետ այսու անոնց հոգիներուն համար՝ միայն հոգեհանգստեան արարողութիւն չէ’ որ պէտք է մատուցենք, այլ՝ մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած հայցելով մէկ ու կէս միլիոն սուրբերու բարեխօսութիւնը:

«24 Ապրիլը մեզի համար սոսկ սուգի ու ողբի ամիս չէ այլեւս, այլ ապրելու եւ գոյատեւելու, յաւերժութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ է, որովհետեւ ոսոխը չկրցաւ իրագործել իր դժոխային ծրագիրը եւ չկրցաւ աշխարհի երեսէն բնաջնջել մեր ցեղն ու հայրենիքը:

«Բայց եւ այնպէս այսօր ուծացման վտանգը կը սպառնայ մեր ազգին: Ուստի յանուն վաղուան պայծառ գալիքին ու մեր նահատակներու կողմէ մեզի կտակուած աւանդին, պարտաւոր ենք հնարաւոր ու անհնարին բոլոր միջոցներով անաղարտ պահելու Աստուածատուր մեր լեզուն եւ կրօնը, որոնք որպէս շնորհք փոխանցուած են մեզի եւ որոնք մեր գոյութեան գրաւականն են:

«Այսօր առիթ է նաեւ դառնալու մեր նահատակներու հաւատքին: Կաոչինք մեր Քրիստոսի հաւատքին եւ եկեղեցւոյն: Պաշտպանենք մեր քրիստոնէական աւանդութիւնները եւ երգենք «Քրիստոս յարեաւը» փաստելու համար բոլորին որ Քրիստոսի հետ մենք ալ պիտի յաղթահարենք մեր դժուարդութիւնները ու մնանք հպարտ մեր քրիստոնէութեամբ եւ հաւատքով»:

Նախքան «Պահպանիչ»ով փակելը Հսկումը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադառնալով Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն, ըսաւ որ մեր ժողովուրդը ակնդէտ սպասումին մէջ է «կռունկի բարի խապրիկին» եւ հրաւիրեց ներկաները աղօթելու Մայր Հայրենիքի ամբողջական խաղաղեցումին, բարգաւաճումին, զարգացման համար եւ այս նպատակով միաբերան երգելու «Հայր Մեր»ը։