ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՊՀ «ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ» ԾՐԱԳՐԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

Առաջնորդութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխ տնօրէն Մհեր Յովհաննէսեանի,  Հիմնարկի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագրի վեց եւ  ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի երկու ուսանողներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը Երեքշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Տոնի Ռոսթովի երիտասարդական միութեան ղեկավար Գէորգ Գրիգորեան։

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, Մհեր Յովհաննիսեան ներկայացուց Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին եւ  «Ցեղասպանագիտութիւն» ծրագրին գործունէութիւնները եւ ծրագիրները որոնք կը նախատեսեն նաեւ համագործակցութեան աշխատանքներ լիբանանեան կրթական հաստատութիւններուն հետ։ Գնահատելով ծրագիրը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  կատարեց իր նկատողութիւններն ու յորդորը անոնց յաջող ընթացքին համար եւ երջանկայիշատակ Նազլեանի յուշերու հատորը նուիրեց Մհեր Յովհաննիսեանին, որ իր կարգին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հրատարակութիւններէն օրինակներ։