Հինգշաբթի 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, վարչական հայրերը և Երանելի Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սաները, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեցին Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Միաբանութեան Զմմառու վանք: Տօնական գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ՝ «Նախախնամութեան տան» փոքրիկները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին: Այս առթիւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ կատարուեցան եւ Կաղանդ Պապան նուէրներ բաժնեց, մեծ ուրախութիւն պատճառելով առաքինազարդ քոյրերուն եւ «Նախախնամութեան տան» փոքրիկներուն:
ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ – ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄՆԵՐ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին...
Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆԴՈՒՆԵՑԱՒ Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ
Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին,...
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԸ ԿԱՅԱՑԱՒ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ...