UNIFIL-ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Շաբաթ 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու վանք այցելեցին հարաւային Լիբանանի Շամա բնակավայրէն միջազգային խաղաղապահ զօրախումբի՝ UNIFIL-ի  մէկ պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ հրամանատար Րօտոլֆօ Զկանկայի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակի տեղապահ՝ Գերապայծառ  Իվան Սանթուսի:

Զմմառու վանքի մայր դահլիճին մէջ յարգոյ հիւրերը ընդունուեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ եւ վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին կողմէ: Յաւուր պատշաճի հիւրասիրութենէն ետք, հիւրերը յաջորդաբար այցելեցին Մայր Տաճար, թանգարան եւ գինեմառան: Աւարտին՝ անոնք իրենց հիացմունքը յայտնեցին Զմմառու վանքի ճարտարապետական գեղեցկութեան համար եւ վանքին մէջ պահպանուած մշակութային ու արուեստի հարուստ արժէքներուն համար: