ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑՈՎ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան դիմաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ժամանեց տօնական շնորհաւորական այցով։ Հանդիպումին ներկայ էին Պէյրութի Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Հայ Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, Պատրիարքարանի հիւրընկալ անդամ Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեան եւ Պատրիարքարանի մամլոյ դիւանի ներկայացուցիչներ։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամերը եւ այս ծիրէն ներս Սէուտական Արաբիոյ ի գործ դրած ջանքերը։ Դեսպան Պուխարի իր երկրի յանձնառութիւնը յայտնեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան, եւ մնայուն աջակցութիւնը անոր տնտեսական վերելքին։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի տնտեսական վերականգնման ներուժին, որուն գծով Պուխարի վստահութիւն յայտնեց որ Լիբանան իսկապէս ունի այն մտաւոր եւ թեքնիք մարդուժը՝ յաղթահարելու որեւէ մարտահրաւէր եւ թօթափելու տնտեսական ճգնաժամի հոգեկան եւ նիւթական աւերները։

Հոգեւոր Տէրը յատուկ մատնանշումով անդրադարձաւ Արցախեան աղիտալի իրավիճակին եւ արցախցիներու տառապանքներուն ազերիական ոտնձգութիւններուն պատճառով, միջազգային եւ արաբական միջամտութիւնը անհրաժեշտ նկատելով այս հարցի լուծման համար։

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յիշատակի նուէրներու փոխանցում։