Ո՞ՒՐ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, Ո՞ՒՐ Է ԱՆՈՆՑ ԽԻՂՃԸ` ԱՐՑԱԽԻ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ Ի ՏԵՍ. ՌԱՖԱՅԷԼ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Եթէ իսկապէս կ’ուզենք հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնիլ, որ ենթարկուած է սովի եւ հիւանդութեան եւ որուն մարդկային իրաւունքները ոտնակոխ եղած են, կարիքը կայ անմիջական հրադադարի։ Այս է գործնական քայլը` որ կը պահանջենք այս պահուն։ Զօրակցութեան, կարեկցանքի ու դատապարտման յայտարարութիւնները ոչ մէկ բանի կը ծառայեն։ Մեզի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունին այժմ։ Այդ հողերուն վրայ կ’ապրին մանուկներ, նորածիններ, տարեցներ եւ ընտանիքներ։ Պակասը կայ դեղորայքի, հացի, կաթի։ Պակասը` ելեկտրականութեան ու կազի։ Պակասը կայ ամէն բանի։ Անիկա մահուան դատապարտուած ժողովուրդ է։ Փրկենք զայն։ Ո՞ւր է միջազգային հասարակութեան խիղճը ի տես այս տեսակ ոճիրին»։ Խօսքերն ու կոչն է այս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին զոր ուղղեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու հովանաւորութեամբ հրապարակուած «SIR» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով 19 Սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անմեղ բնակչութեան դէմ վայրագ յարձակումին ու հաստատելով` թէ «անհրաժեշտ է միջազգային հասարակութեան միջամտումը։ Յստակ ու գործնական միջամտութիւն»։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձ կատարեց 9 ամիսներէ ի վեր Արցախի մէջ ապրուած մարդասիրական ճգնաժամի մասին հաստատելով, որ վերջին օրերուն բեռնատարներու Արցախի հանրապետութիւն մուտք գործելը բոլորովին խեղկատակութիւն էր, որովհետեւ ճանապարհը չէ բացուած ու Արցախի ժողովուրդին ապրած իրավիճակը օրհասական է։
Պատրիարք Մինասեանի այս հարցազրոյցին արձագանգելով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց` որ հայ ժողովուրդը կը գտնուի նոր «ցեղասպանութեան» մը դիմաց ու թէ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն կազմակերպութիւնը մօտիկ է այս անիմաստ յարձակումի զոհերուն ու մասնաւորապէս հայ քրիստոնեայ հասարակութեան, ու կը մաղթէ, որ տարբեր պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու դատապարտումի ձայներուն հետեւի նաեւ անմիջական միջամտութիւններ՝ փրկելու համար վտանգուած բնակչութիւնը։
May be an image of 1 person and text
البطريرك ميناسيان: أين المجتمع الدولي؟ أين ضمير الأمم أمام مأساة آرتساخ؟
“إذا كنا نريد حقاً مساعدة الشعب الأرمني الذي يعاني من الجوع والمرض وتُنتهك حقوقه الإنسانية، فنحن بحاجة إلى وقف فوري لإطلاق النار. وهذه هي الخطوة العملية التي نطالب بها في هذه اللحظة. إن بيانات التضامن والتعاطف والإدانة لا تخدم شيئاً. ليس لها أي أهمية بالنسبة لنا الآن. يعيش الأطفال والرضع والمسنّون والأسر على تلك الأراضي. هناك نقص في الدواء والخبز والحليب، ونقص في الكهرباء والغاز. هناك نقص في كل شيء. هو شعب محكوم عليه بالإعدام. دعونا ننقذه. أين ضمير المجتمع الدولي أمام هذا النوع من الجرائم؟ هذه كلمات ونداء صاحب الغبطة روفائيل بدروس الواحد والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك، خلال المقابلة التي أجرتها معه وكالة “SIR” والصادرة برعاية أساقفة إيطاليا، مشيراً إلى الهجوم الوحشي الذي شنته أذربيجان ضد السكان الأبرياء في آرتساخ في 19 أيلول، ومؤكّداً على أنّ “تدخّل المجتمع الدولي ضروري. التدخّل بشكل واضح وعملي.”
وتطرّق صاحب الغبطة الى الأزمة الإنسانية الخانقة التي تعيشها آرتساخ منذ تسعة أشهر، مؤكداً أن دخول الشاحنات إلى جمهورية آرتساخ في الأيام الأخيرة كان بمثابة الخديعة الكاملة، لأن الطريق لم يُفتح والوضع الذي يعيشه شعب آرتساخ أمر فظيع.
رداً على هذه المقابلة التي أجراها البطريرك ميناسيان، نشر مدير الفرع الإيطالي لمنظّمة دعم الكنيسة المتألمة، السيد أليساندرو مونتيتورو، بياناً قال فيه إن الشعب الأرمني يواجه “إبادة جماعية” جديدة، وأن منظّمة دعم الكنيسة المتألمة قريبة من ضحايا هذا الهجوم الوحشي، وخاصة المسيحيين الأرمن. وأضاف بأن بيانات الإدانة الصادرة عن مختلف الدول والمنظّمات الدولية يجب أن تتبعها تدخّلات مباشرة لإنقاذ السكان المعرّضين للخطر.