Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ, ԱԶԳԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՆԱՐԱՏ ՍՐՏԻՆ

Armenian/Arabic
ԶՄՄԱՌԻ «ՎԵՐԱՓՈԽԵԱԼ ՏԻՐԱՄԱՅՐ» ՀԱՅԱՎԱՆՔԻՆ «ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՕՐ»
Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, ժամը 10-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը հանդիսապետեց «Մայիսեան Ուխտի Օր»-ին, որուն ընթացքին, Պատրիարքական Թեմին ամբողջ կղերական դասին եւ ուխտաւորներուն հոծ բազմութեան ներկայութեան, մատուցանեց հայրապետական Ս. Պատարագն ու տուաւ աւուր պատշաճի պատգամը «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» բացօթեայ ամփիթատրոնին մէջ:
Ապա, կատարեց փոքր աստիճաններուն տուչութիւնն երկու Զմմառեան կղերիկոսներուն: Հուսկ, նախագահեց Աստուածամօր արձանով թափօրին, որուն ընթացքին հաւատացեալները աղօթեցին Ս. Վարդարանը եւ երգեցին հայերէն-արաբերէն մարեմեան տաղեր: Աւարտին՝ Զմմառավանքին Ցաւամօր հրաշագործ սրբանկարով օրհնեց ներկաները:
«Այս տարի, սակայն, տարբեր եւ խոր իմաստ ունենալու է մեր տօնակատարութիւնը», իր քարոզին սկիզբը յայտարարեց քարոզիչ Ամենապատիւ Հայրապետը, որովհետեւ «ասկէ ճիշդ 70 տարիներ առաջ, 31 Մայիս 1953-ին, մեր սրբաշնորհ Կարտինալը՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տիրամօր Անարատ Սրտին նուիրեց մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, մեր ամբողջ Ազգն ու մեր Հայրենիքը:
Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը, որ ասկէ քանի մը տարի առաջ հռչակուեցաւ «Աստուծոյ Ծառայ», խորապէս համոզուած էր, թէ չկայ աւելի մեծ ազնիւ եւ օգտակար արարք մը, քան մեր նուիրումը Տիրամօր սիրազեղ Սրտին»:
«Ուստի, երբ այսօր եկած ենք յիշատակելու 31 Մայիս 1953-ի պատմական եւ օրհնաբեր նուիրագործումին 70-ամեայ տարեդարձը, կը փափաքինք արժեւորել զայն: Մեր արժեւորումը լաւագոյնս կ’ընենք, երբ մենք կը գիտակցինք այդ կատարուած նուիրումին խոր իմաստին եւ հոգեկանութեան:
Խոր իմաստն ու հոգեկանութիւնը վերարծարծելու համար մեր սրտին եւ կեանքին մէջ՝ այս պահուն, մեր բոլոր սուրբերուն եւ նահատակներուն ներկայութեան ու մեր հաւատքին Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին առաջնորդութեամբ, ինչպէս ալ մեր բոլոր Կաթողիկոս-Պատրիարքներուն մասնակցութեան եւ մեր Վերանորոգ Նուիրապետութեան երջանկայիշատակ Հիմնադրին՝ Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ, բայց յատկապէս մարեմական Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի հաւատքով եւ Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի մարեմասիրութեամբ՝ ես՝ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, հանդիսաւորապէս կը նորոգեմ այդ նուիրումը՝ մեր Եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդը, մեր Ազգը, մեր Հայրենիքը, մեր Արցախն ու մեր Սփիւռքը ձօնելով եւ յանձնելով Մարիամի՝ Հայոց խնկելի Աստուածածինին Անարատ Սրտին»:
Այս րոպէին, ուխտաւորներէն իր յայտարարութիւնն ընդհատած ծափահարութենէն ետք, մեր Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը կատարեց նուիրագործումի այս աղօթքը. «Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին, Մա՜յր Քրիստոսի եւ Վերափոխեալ Տիրամա՜յր Զմմառի, իմ երջանկայիշատակ Նախորդներուս ու մեր նուիրապետներուն եւ հոգեւորականներուն, ինչպէս ալ ներկայ ուխտաւորներուն ու բացակայ մեր հաւատացեալներուն հետ, այսօր քու Անարատ Սրտիդ կը ձօնաբերեմ մեր Եկեղեցին եւ մեր Ազգը, մեր Հայրենիքը, մեր Արցախն ու մեր Սփիւռքը:
Ո՜վ «Մայր Եկեղեցւոյ» եւ «Մայր ժողովուրդներուն», Դուն կը ճանչնաս հայերուս յոյսերն ու տառապանքները, Դուն, որ մայրենի մտահոգութեամբ կը դիտես վերջին տարիներուն եւ յատկապէս այսօրուայ մեր ցաւերը, մեր վախերն ու մեր անմիաբանութիւնը, ընդունէ՛ քու Անարատ Սրտիդ մեր անվերապահ նուիրումը, զոր կը կատարենք թելադրուելով Աստուած Ս. Հոգիէն եւ անսալով Ֆաթիմայի մէջ ներկայացուցած քու խնդրանքիդ:
Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին, Իբր Մայր եւ Աղախին մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ քու բարեգութ սիրովդ ընդունէ՛ մեր ամբողջական յանձնումը քու Անարատ Սրտիդ, Որուն կը նուիրաբերենք մենք մեզ իբր անհատ, իբր Եկեղեցի, իբր Ազգ, իբր Հայաստան, իբր Արցախ եւ իբր Սփիւռք, որպէս զի մենք քու զաւակներդ եւ Երկիրդ ըլլանք ու մնանք այսօր, վաղը եւ միշտ՝ յաւիտեանս, յաւիտենից: Ամէն»:
ترأس البطريرك روفائيل بدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك القداس الإحتفالي لمناسبة “يوم الحجّ المريمي”، على مدرج الطوباوي اغناطيوس مالويان في دير سيدة بزمار، بحضور جميع كهنة الأبرشية البطريركية وحشد غفير من المؤمنين.
بعد القداس، قام صاحب الغبطة بمنح الدرجات الصغرى لطالبين من إكليريكية دير بزمار، ثم ترأس التطواف المريمي بمشاركة المؤمنين الذين صلّوا الوردية وتراتيل مريمية باللغتين الأرمنية والعربية. وفي الختام، بارك الحضور بأيقونة سيدة بزمار العجائبية.
بعد تلاوة الإنجيل، ألقى ميناسيان عظة قال فيها : إحتفال هذه السنة له معنى مختلف وعميق، لأن قبل 70 سنة بالتحديد في 31 أيار 1953، قد كرّس الكاثوليكوس البطريرك الكاردينال الكليّ الطوبى كريكور بطرس أغاجانيان الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية وكل الوطن والشعب الأرمني الى قلب مريم الطاهر.
“إنّ الكاردينال أغاجانيان، الذي أّعلن خادماً للرّب قبل بضع سنوات، كان مقتنعاً بالكامل بتكريس كنيستنا وشعبنا لقلب مريم المحبّ والطاهر. وبالتالي، نحن هنا مجتمعون للإحتفال بهذه الذكرى المباركة بعد 70 عاماً. ونتمنّى أن نقدّر عالياً هذه المناسبة، حين ندرك عمق معنى وروحية هذا الفعل التكريسي”.
كما وجدّد صاحب الغبطة تكريس الكنيسة والوطن والشعب الى جانب الإنتشار الأرمني لقلب العذراء مريم الطاهر، بالرجوع الى الإيمان الصادق لشعبنا والقديسين والشهداء الأبرار، الى جانب مباركة جميع الآباء البطاركة وعلى رأسهم البطريرك المؤسّس السعيد الذكر أبراهام بطرس أردزيفيان، والإستعانة بإيمان الطوباوي المريمي اغناطيوس مالويان وخادم الرّب الكاردينال أغاجانيان.
ومن ثم، تلا البطريرك صلاة التكريس: “أيتها العذراء مريم، يا والدة الله، يا والدة المسيح وسيدة إنتقال بزمار، أقوم بتكريس كنيستنا ووطننا وشعبنا، وأرتساخ والإنتشار الأرمني لقلبك الطاهر، بمعاونة أسلافي وأخوتي الكهنوت الى جانب المؤمنين الحاضرين والغائبين”.
“يا والدة الكنيسة ووالدة الشعوب، أنتِ تعرفين جيداً آمال وآلام شعبنا الأرمني. أنتِ التي تشهدين بقلق في السنوات الأخيرة آلامنا ومخاوفنا الحالية، تقبلّي تكريسنا الكامل لقلبك الطاهر من خلال إستلهام الروح القدس وإستجابة لطلبك في فاطيما”.
“يا والدة الله مريم العذراء، بإعتبارك والدة مخلّصنا وسيدنا، نطلب منك أن تقبلي بشفاعة قلبك تكريسنا الكامل كأفراد وككنيسة ووطن أرمينيا وأرتساخ وكل الإنتشار الأرمني لقلبك الطاهر، لكي نصبح ونبقى أبناءك ووطنك اليوم وغداً والى أبد الأبدين. أمين”