ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 26 փետրուար 2019-ի  առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի Տիրամայր Նարեկի մատրան մէջ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին,  նաեւ մասնակցութեամբ ՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի եւ վարժարանի ժառանգաւորներուն:

Առ այդ, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին անունով, կը շնորհաւորենք   հայ կղերը, մանաւանդ վարժարանիս նախկին սաները, հայցելով բարեխօսութիւնը Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից, որպէսզի զանոնք զերծ պահէ  ամէն վտանգէ եւ փորձութիւններէ այս փոթորկալից ժամանակաշրջանին: