ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Armenian/Arabic
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը իր մասնակցութիւնը բերաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, զոր մատոյց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով, «Սուրբ Պետրոս» պազիլիքային մէջ:
Սուրբ Պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ նորանշանակ Արքեպիսկոպոսներու եւ Մետրոպոլիտներու պալիումի տուչութեան արարողութիւնը` որպէս խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ Հաղորդութեան։
Սրբազան Պապը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի կեանքերուն, յայտնաբերեց անոնց պատասխանը կեանքի մէկ կարեւոր հարցականին՝ թէ ո՞վ է Յիսուս, հետեւելով անոր օրինակին եւ Սուրբ Աւետարանի քարոզչութեան:
شارك البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك في الذبيحة الإلهية التي ترأسها قداسة البابا فرنسيس بمناسبة عيد القديسين بطرس وبولس في بازيليك القديس بطرس – الفاتيكان.
خلال القداس، منح قداسته درع التثبيت لعدد من رؤساء الأساقفة الجدد.
وألقى عظة تناول فيها حياة القديسين بطرس وبولس اللذان اجابا على السؤال الأساسي للحياة من هو يسوع بالنسبة لي؟ من خلال اتباعهما ليسوع وإعلان الإنجيل.