ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՁԵՌԱՄԲ ԵՐԱՆԵԼԻ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆՈՐՕԾԵԱԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Պաղտատի Հայ ԿաթողիկԷ թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Արհի. Ներսէս Յովսէփ Եպս. Զապարեան հանդիսապետեց իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ «Մայր Ամենայն Գթութեանց» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու։ Նախքան Սուրբ Պատարագը՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը բացումը կատարեց Երանելի Իգնատիոս Եպս. Մալոյեանի սրբապատկերին, ապա մուտք գործեց եկեղեցի՝ ընկերակցութեամբ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, եպիսկոպոսական հայրերու, քահանաներու, սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու։
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Մինասեան Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը. «Այս օրերը միասին ապրեցանք ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ, յատկապէս այն հոգեւոր բերկրանքով, զոր բաժնեցինք մեր եղբօր՝ Իրաքի նորընտիր եպիսկոպոս Արհի. Ներսէս Յովսէփ Զապարեանի հետ: Այդ պերճանքը նաեւ ապրեցանք մեր եղբայրակից՝ Միրիաթեան արքեպիսկոպոսին հետ, որ ջանք չխնայեց երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս հովուապետական այցելութիւնը իրականացնելու համար։ Շնորհակալութիւն Արհիապատիւ Տէր:
Իսկ անդրադառնալով այս օրհնեալ օրուան հոգեւոր խորհուրդին մասին, նախ կը վերադառնամ այն սկզբունքին, զոր մենք որդեգրեցինք երբ ձեր մօտ եկանք, յիշելով Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Ես եկայ ձեր մօտ՝ ձեզի հաստատ պահելու համար Անոր կամքին մէջ ու ձեզի տալու Անոր երկնային օրհնութիւնը, որուն միջոցաւ կրնաք դիմադրել դժուարութիւններն ու զանոնք յաղթահարէք Անոր շնորհքին մէջ հաստատ մնալով: Այսպիսով, շնորհքներ կը ստանաք եւ մխիթարանքը կ’ապրիք այն յարութեան ու վերելքի յոյսը՝ այս դժուար պահերուն, որպէսզի շարունակէք երթը եւ հաստատէք Քրիստոսի լոյսը ձեր տուներուն մէջ»։
Հոգեւոր Տէրը ապա աւելցուց. «Նոր սերունդ կերտելու յառաջընթացն ու յաջողութեան յոյսը կ’ամբողջացնեն երթը Տիրոջ լոյսին մէջ: Այս խօսքերը կ’ըսեմ, խորապէս գիտակցելով յատկապէս այն իրարանցումին, որ կ’ապրինք ամբողջ աշխարհի տարածքին, սակայն Տէրը պիտի չլքէ իր ժողովուրդն ու զայն դուրս պիտի բերէ այս բոլոր դժուար փորձութիւններէն, լուսաւորէ անոր ճամբան, որպէսզի ապրի երկրային ու յաւերժական երջանկութեան մէջ»:
Հոգեւոր Տէրը նաեւ ըսաւ. «Մենք պէտք է կերտենք մեր զաւակներու ապագան՝ անոնց հոգեւոր ապագան, որպէսզի յաջողին իրենց աշխարհային կեանքին մէջ: Այս ապագայի կերտումը կապուած է մեր հոգեւոր վարքին ու բարեպաշտութեան, միշտ հաստատ մնալով աղօթքին մէջ: Հոս կը շեշտեմ աղօթքի խորհուրդին վրայ, որ միակ անպարտելի միջոցն է: Ան մեր Փրկչի յաղթական միջոցն է, որպէսզի վերադառնանք Իրեն, խոնարհ ու ապաշխարած հոգիով՝ մեր մեղքերուն ու անհաւատներու մեղքերուն քաւութեան համար:
Իմ սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, Մինչ մենք կը գտնուինք՝ աղօթքի եւ ապաշխարութեան ճանապարհին, որ մեզ կ’ուղղէ մեր Փրկչին, սրտանց փափաքս կը յայտնեմ ձեր հետ երկրպագութիւն կատարելու Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ, ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ Անոր հետ իսկական միութեամբ՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալով: Ան ձեզ կը սպասէ, որպէսզի Իր հետ հաղորդակցիք եւ ձեր սէրն ու մխիթարանքը արտայայտէք: Ան կը սիրէ ձեզ տեսնել ու լսել, որովհետեւ ան առատաձեռն ու բարի է. եւ ինքն է, որ ըսաւ, թէ “ինչ որ խնդրէք Հօրմէս իմ անունովս, ձեզի պիտի տրուի”»:
Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ուրեմն եկէ՛ք Անոր մօտ, եկէ՛ք եւ նորոգեցէ՛ք ձեր հաւատքը Անոր հանդէպ, եկէ՛ք եւ ձեր ուխտը նորոգեցէ՛ք, որովհետեւ Ան ողորմելի եւ ամենակալ Աստուած է, Իր ստեղծագործութեան սիրառատ Հայրը, որուն պատկերին համաձայն Անոր կեանքը տրուեցաւ»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Միրիաթեան արքեպիսկոպոսը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ անոր այցելութեան առիթով եւ հոգեւոր ու մխիթարական կեցուածքներուն համար: Առաջնորդ հայրը Հոգեւոր Տիրոջ եւ ընկերակցող պատուիրակութեան յուշանուէրներ տուաւ տեղւոյն եկեղեցւոյ պատկան մարմիններուն անունով:
البطريرك ميناسيان يزيح الستارة عن لوحة للطوباوي المطران إغناطيوس مالويان- حلب. والمطران نرسيس جوزيف زاباريان مترئسا القداس الاول في كاتدرائية سيدة أم المعونات- حلب.
وسط حضور كبير من المؤمنين، ترأس رئيس أساقفة بغداد للأرمن الكاثوليك المطران نرسيس جوزيف زاباريان القداس الأول في كاتدرائية السيدة أم المعونات للأرمن الكاثوليك في حلب.
بداية، أزاح غبطته الستارة عن لوحة للطوباوي المطران إغناطيوس مالويان.
ثم دخل غبطته إلى الكنيسة برفقة رئيس أساقفة حلب للأرمن الكاثوليك المطران بطرس مراياتي ومطارنة وٱباء كهنة وشمامسة ومؤمنين.
بعد الإنجيل المقدس، ألقى البطريرك ميناسيان عظة قال فيها:”
لقد سرنا سوية في هذه الأيام وبجو من الفرح والإبتهاج وخاصة الفرحة الروحية التي عشناها مع أخينا المطران الجديد صاحب السيادة نرسيس جوزيف زاباريان أسقف العراق، كما عشنا مع صاحب السيادة أخينا المطران بطرس مرياتيان الذي لم يبخل علينا بتضحياته لنا في هذه الزيارة الرعوية التي تمنيناها منذ زمن بعيد. شكرا لك يا صاحب السيادة.
أما ما يخص النبضة الروحية لهذا اليوم المبارك فأستهل المناسبة لأعود إلى المبدأ الذي تبنيناه منذ قدومنا إليكم، وكان كلام بولس الرسول بقوله:” أتيت إليكم لأثبتكم في مشيئته، وأعطيكم بركته السماوية التي بها تقاوموا الصعاب وتنتصروا عليها بثباتكم في النعمة هكذا تستقوا النعم وتعيشوا الامل، الأمل بالقيامة والانتفاضة من هذه المحن لتكملوا المسيرة وتثبتوا شعاع المسيح في دياركم”.
أضاف:”
إن الأمل بالنجاح والتقدم في إنشاء جيل جديد يكمل المسيرة في نور الرب. أقول هذه الكلمات وأنا يقين وبخاصة في هذه الأيام حيث الفوضى تعم العالم أجمع، بأن الرب سوف يحن على خليقته وينتشلها من كل هذه التجارب القاسية ويضيء طريقها لتعيش في النعيم الزمني والسرمدي.”
تابع:”
علينا أن نبني مستقبل اولادنا، مستقبلهم الروحي لكي ينجحوا في حياتهم الزمنية، وبناء هذا المستقبل متعلق بسلوكنا الروحي، والمثابرة في ممارسة التقوى والصلاة، وهنا أشدد على الصلاة، الصلاة هي الوسيلة الوحيدة التي لا تقهر، وهي الوسيلة المنتصرة من مخلصنا ليرانا عائدين إليه بنفس متواضعة أنيقة وتائبة عن خطاياها وخطايا الكفر.
إخوتي وأخواتي الأحباء،
فبينما نحن في مسيرة الصلاة والندامة والرجوع إلى مخلصنا، فلدي أمنية ثانية أود أن أودعكم إياها وهي تكريم القربان المقدس، ليس فقط بالكلمات وانما بالاتحاد معه في سر القربان أي تأخذونه بالمناولة، فهو بانتظاركم لتتكلموا معه ولتعبروا عن حبكم ورجائكم، فهو في حالة شوقه لهذه البرهة، ويحلو له أن يراكم ويسمعكم في هذا السوق فهو كريم وعطوف، وهو من قال ما تطلبونه من الٱب باسمي فيعطى لكم.”.
ختم غبطته:”
هلموا اذا إليه، هلموا وجددوا إيمانكم به، هلموا وجددوا نذوركم لهم، فهو الإله الرحوم الفخور، الأب المحب لخليقته التي على صورته أعطيت له الحياة”.
في نهاية القداس، كانت كلمة للمطران بطرس مراياتي شكر فيها غبطته على زيارته ومواقفه الكنسية الروحية التي تعطي الأمل والرجاء.
وقدم لغبطته والوفد المرافق هدايا تذكارية باسم كل فعاليات الكنيسة.