ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ Դժուարութիւնները, որ կը դիմագրաւենք, մեզ ուժ ու կորով կը շնորհեն

Armenian/Arabic

 

«Պէտք է վերանորոգուինք, խոնարհինք, Տիրոջ հետ մեր կապը սերտացնենք եւ առաքեալներ դառնանք ուր որ կը գտնուինք»… Հայրական այս պատգամով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հանդիպումը սկսաւ Աթէնքի մէջ գործող հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու հետ:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան:
Հանդիպման սկիզբը Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ ներկաներուն, անոնց շնորհակալութիւն յայտնելով այս պատմական այցելութեան համար, որ յոյս ներշնչեց Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն համար:


Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը լսեց ներկաներուն յուզող հարցերը, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոնց ապագայի ձեռնարկներն ու ծրագիրները:
Հանդիպման ընթացքին, դրական ջերմ խօսքեր արտասանուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամէն երկրի նկատմամբ, ուր որ հայեր կը գտնուին, շեշտելով որ անոնք կը բաժնեկցին իրենց եղբայրներուն ցաւերն ու դժուարութիւնները:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին մեծապէս գնահատեց կեանքի վկայութիւնները, զոր փոխանցեցին ներկաները հանդիպման ընթացքին, աւելցնելով. «Եկեղեցւոյ զաւակները աւելի կը հզօրանան դժուարութիւնները դիմագրաւելով, հայցելով անոնց՝ միշտ դրական կերպով ապրելու, որովհետեւ տագնապները որ կ’ապրինք ժամանակաւոր են, եւ ուշ թէ կանուխ վերջ պիտի գտնեն»: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Եկեղեցին բոլոր ժամանակներուն անոնց կողքին է, որովհետեւ առաջին հերթին՝ անոնց ծառայութեան համար է: Հոգեւոր Տէրը աւարտեց իր խօսքը խնդրելով Տիրոջմէ, որ իր խաղաղութիւնը շնորհէ բոլոր աշխարհին:

البطريرك ميناسيان يلتقي المنظمات والأحزاب الأرمنية في أثينا ويؤكد:
” إن الصعوبات التي نمر بها تعطينا قوة وثباتا”.

“يجب علينا أن نتجدد، نتواضع، نوطد علاقتنا بالله ونكون رسلا أينما كنا في هذا العالم”.
كلمات استهل فيها كاثوليكوس بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان حديثه الأبوي مع المنظمات والأحزاب الأرمنية في أثينا.

حضر اللقاء رئيس أساقفة أبرشية حلب للأرمن الكاثوليك المطران بطرس مراياتي، المدبر الرسولي للأرمن الكاثوليك الإكسرخوس جوزيف بيزازيان.

بداية اللقاء، ألقى الإكسرخوس جوزيف بيزازيان كلمة ترحيبية بغبطته والحاضرين شاكرا غبطته على هذه الزيارة التاريخية التي بعثت الرجاء في نفوس أبناء الكنيسة.
ثم استمع غبطته إلى شجون وهموم المشاركين في اللقاء ومصغيا بإسهاب إلى التحديات التي تواجههم ومشاريعهم ونشاطاتهم المستقبلية.

لم تخل كلمات المشاركين من التعبير عن محبتهم للبنان وسوريا وأرمينيا وفي كل دولة يتواجد فيها الارمن، مؤكدين أنهم يتشاركون مع اخوتهم الٱلام والتحديات.

بدوره، نوه غبطته بشهادات الحياة التي أداها المشاركون في اللقاء. ومؤكدا:”
أن التحديات تجعل أبناء الكنيسة أكثر ثباتا وصمودا. داعيا إياهم إلى عيش التفاؤل بشكل دائم، لأن الأزمات التي نمر بها هي أزمات وقتية، لا بد من أن تزول. موضحا أن الكنيسة هي إلى جانبهم بشكل دائم وفي كل الأوقات لأن من أولوياتها الخدمة والعطاء. سائلا الرب أن يزرع سلامه في كل أصقاع العالم”.