ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ ԵՆ ՀՌՈՄ՝ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Սիւնհոդոսը պիտի կայանայ

Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանէն ներս

20 Սեպտեմբերէն սկսեալ

«Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու թեմերուն մէջ ծառայող Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները յառաջիկայ 20 Սեպտեմբերէն սկսեալ հրաւիրուած են Հռոմ ընտրելու համար անցեալ 25 Մայիսին իր մահկանացուն կնքած երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը»։ Այս լուրը «Ֆիտէս» լրատու գործակալութեան փոխանցած է Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան։

Սիւնհոդոսական նիստերը կը կայանան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի գլխաւորութեամբ

«Անցեալ 22 Յունիսին Լիբանանի Զմմառու մայրավանքին մէջ կայացած Սիւնհոդոսը չկարողացաւ ընտրել Պատրիարքը՝ տրուած ըլլալով որ թեկնածուներէն ոչ մէկը կարողացաւ հաւաքել քուէներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնագրութեան մէջ» յայտնեց Գերապայծառ Միրիաթեան նշելով նաեւ՝ թէ միշտ, ըստ կանոնագրութեան, Պատրիարքի ընտրութեան հարցը դրուեցաւ Քահանայապետի ձեռքերուն մէջ, որուն որոշումով է որ յառաջիկայ 20 Սեպտեմբերին հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները պիտի համախմբուին Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանին մէջ, ուր երկու օրուան հոգեւոր կրթութենէն ետք, 22 Սեպտեմբերին պիտի սկսին ընտրութեան նիստերը, նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի։

Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքին համաձայն Պատրիարքի ընտրութիւնը

Ինչ կը վերաբերի պատրիարքներու ընտրութեան ընթացակարգին, Արևելեան եկեղեցիներու կանոնագրութեան 72-րդ յօդուածի առաջին պարբերութեան մէջ, սահմանուած է, որ «կ’ընտրուի ան, որ ձայներու երկու երրորդը կը ստանայ»: Նոյն կանոնի երկրորդ պարբերութիւնը կը պարզաբանէ, որ «Եթէ ընտրութիւնները չաւարտուին տասնհինգ օրուան ընթացքին… հարցը կը յանձնուի Սրբազան Քահանայապետին»:

Եթէ ​​Հայ կաթողիկէ ​​եկեղեցւոյ ընտրական Սիւնհոդոսի ընթացքին նոր փակուղի արձանագրուի, ընտրական ժողովի դրական արդիւնքը ամէն պարագային ապահովուած է, որովհետեւ որոշակի անյաջող քուէներէն յետոյ կարելի կը դառնայ պատրիարք ընտրել այն թեկնածուն, որ ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը հաւաքէ (կէս գումարած մէկ): Եթէ ​​ընտրական փակուղին շարունակուի, պատրիարք կ’ընտրուի այն թեկնածուն, որ ձայներու յարաբերական մեծամասնութիւնը կը հաւաքէ: Իսկ, եթէ քուէարկող եպիսկոպոսներու ձայները բացարձակապէս հաւասարապէս կը կեդրոնանան երկու թեկնածուներու վրայ, Պատրիարք կը դառնայ անոնց միջեւ քահանայական ձեռնադրութեամբ ամենաաւագ եպիսկոպոսը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ – Վատիկան