Իտալիոյ Գարիդասէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատիարքարան

Ուրբաթ 23 փետրուար 2018-ին, Իտալիոյ Գարիդասէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատիարքարան եւ հանդիպեցաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեանի հետ:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը, Սուրիան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները հուզող հարցեր։