ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ, ԶՈՐ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՇԽԱՐՀԸ

Armenian/ Arabic

 

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, Նափոլիի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Եկեղեցիէն, կոչ մը ուղղեց քահանայական իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով, հայցելով՝ տարածել «եղբայրութեան պատգամը, զոր պէտք ունի աշխարհը» եւ աւելցուց. «Ասիկա ի սրտէ պատգամ մըն է՝ թիկունք կանգնելու Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն», այնտեղ ուր որ սկսաւ Սուրբ Աւետարանի քարոզչութիւնը: Իսկ այստեղ՝ Եւրոպայի մէջ, ձեր ամբողջ հայեացքն ու միտքը ուղղուած են Ուքրանիոյ պատերազմին, սակայն գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ պատերազմներ եւ թշուառութիւններ, որոնց մասին ոչ մէկը կը խօսի»:
Հոգեւոր Տէրը այս իմաստով անդրադարձաւ Լիբանանի դժուար իրավիճակին մասին, ուր կը գտնուի նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը, եւ ուր քաղաքական ու տնտեսական տագնապը հետզհետէ կը վատթարանայ եւ ուր «ամէն բան կը պակսի, նոյնիսկ յոյսը», ըսաւ Հոգեւոր Տէրը։ Հետեւաբար, ան բոլորին կոչ ուղղեց չմոռնալու իրենց քրիստոնեայ եղբայրները, ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
Կաթողիկոս-Պատրիարք Մինասեան ապա ուզեց յատուկէն անդրադառնալ Արցախահայութեան ապրած ծանր տագնապին՝ դատապարտելով Բերձորի միջանցքի փակումը եւ Արցախի ժողովուրդին ամբողջական շրջափակումը: Ան ըսաւ. «Այսօր 120 հազար հայ ազգի զաւակներ, մանուկներ, տարեցներ, կիներ ու այր մարդիկ, վեց ամիսէ աւելի կը գտնուին շրջափակման մէջ, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները փակած են միակ ճանապարհը` որ զանոնք կը միացնէ Հայաստանին ու աշխարհին»։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դատապարտեց ընկերային լրատուամիջոցներու եւ միջազգային իշխանութիւններու մեղսակից լռութիւնն ու անշարժութիւնը, եւ որոնք «շահը կը գերադասեն արժէքներուն վրայ»։ Արժէքներ ինչպիսին են՝ յարգանքը, ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը, հաւասարութիւնը, մարդկային իրաւունքն ու եղբայրութիւնը:
Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, թէ ինք եկած է Նափոլի քաղաք, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Եկեղեցի, որպէս ուխտաւոր, այս սուրբ վայրէն հայցելու համար Հայոց Սուրբին եւ Նափոլի քաղաքի պաշտպան սուրբերուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի «մեզի օգնեն միասին տարածելու եղբայրութեան պատգամը` որուն այսօր մեծ կարիք ունի աշխարհը»։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Նափոլիի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին յայտարարութիւն մը հրապարակեց Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ կենսագրականին մասին, մէջբերելով հետեւեալը. «75 տարիներ, որմէ յիսուն տարիները ապրեցաւ քահանայական ծառայութեան մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ այժմ կը տօնէ իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը: Ոգեւորիչ պահ մը, որ շարժառիթ մըն է խորհրդածելու Հայոց ճակատագրին եւ եղբայրութեան պատգամի տարածման անհրաժեշտութեան մասին, որուն խիստ կարիքը ունի աշխարհը այսօր: Թուական մը, որ աւելի նշանակալից դարձաւ, երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, 7 տարիներ առաջ այս օրերուն, ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի առաջին քրիստոնեայ պետութիւն՝ Հայաստան, Արարատի լանջին վրայ գտնուող այն երկիրը, ուր ապաստանեցաւ Նոյեան Տապանը եւ որմէ կեանքի նոր ընթացքը մեկնարկեց ջրհեղեղէն ետք: Նափոլիի աշխարհածանօթ եկեղեցիէն, ուր ամփոփուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին մասունքները, Ան՝ որ հայ ազգը քրիստոնէութեան դարձի բերաւ եւ այդպիսով զայն հանդիսացուց առաջին ժողովուրդը, որ կ’ընդունի Քրիստոսի հաւատքը որպէս պետական կրօնք: Հոգեւոր Տէրը ի միջի այլոց վերյիշեց իր քահանայական կոչման հանգրուանները, որուն 30 տարիները ապրեցաւ պատերազմի մէջ, ինչպէս որ յայտնեց, նախ՝ որպէս քահանայ, ապա՝ որպէս առաջնորդ եպիսկոպոս Հայաստանի եւ համայն Արեւելեան Եւրոպայի, եւ ներկայիս՝ որպէս պատրիարք»:

 

وجه بطريرك بيت كيليكيا للارمن الكاثوليك روفائيل بدروس الحادي والعشرون ميناسيان من كنيسة القديس غريغوريوس المستنير San Gregorio Illuminista في نابولي، نداء لمناسبة مرور 50 عاما من حياته في الخدمة الكهنوتية، لنشر “رسالة الأخوة التي يحتاجها العالم”،قال فيها: إنه نداء من القلب لدعم مسيحيي لبنان والشرق الأوسط “المكان الذي انطلقت منه رسالة الإنجيل. هنا في أوروبا جميع الأنظار تتجه نحو الحرب في أوكرانيا وهي محقة في ذلك. لكن هناك الكثير من الحروب والمآسي الأخرى التي لا يتمُّ التحدُّث عنها”.

وأشار إلى “الصعوبات التي لا يزال يعيشها اليوم لبنان، حيث يقع مقر بطريركية الأرمن الكاثوليك، وهو بلد عذّبته أولاً حرب أهلية استمرت لعقود، ويعيش الآن أزمة اقتصادية وسياسية أدت إلى إفقار الشعب وجعلته يعاني من الجوع. إن لبنان يفتقر اليوم إلى كلِّ شيء، حتى إنني أجرؤ على القول إنه يفتقر حتى الى الرجاء”، ودعا في هذا السياق الحاضرين الى عدم نسيان إخوتهم في المسيح، ليس فقط في لبنان، وإنما في جميع أنحاء الشرق الأوسط، “المكان الذي انطلقت منه رسالة الإنجيل”.

بعدها توقّف عند السؤال الذي يحمله على الدوام في قلبه، وهو مصير أرمن ناغورنو كاراباخ: “ذلك الشريط من الأرض الذي سكنه الأرمن منذ القديم وتحيط به الأراضي الأذربيجانية”. ودان البطريرك ميناسيان “عزل 120 ألف إنسان عن العالم لأكثر من 190 يومًا، بعدما قررت السلطات الأذربيجانية قطع الطريق الوحيد الذي يربط المنطقة بأرمينيا وبقية العالم. 120 ألف شخص، من بينهم مسنون ونساء وأطفال، حُرموا من كرامة العيش”.

وقال: “انه انتهاك مأسوي يحدث في ظل صمت تام لوسائل الإعلام والسلطات الدولية والذين يريدون اليوم جعل النزاعات تسود على القيم، تلك القيم عينها التي يتم الحديث عنها كثيرًا اليوم ولكنها بالكاد توضع موضع التنفيذ، مثل الاحترام، والحرية، والكرامة، والمساواة، والأخوة”.

وختم ميناسيان: “جئت إلى هنا كحاج، إلى هذا المكان المقدس، لكي أطلب معكم شفاعة القديس غريغوريوس وشفاعة القديسين حماة هذه المدينة الجميلة لكي يساعدونا جميعًا معًا على نشر رسالة الأخوة التي يحتاج إليها عالمنا”.

 

بيان

ووزعت الكنيسة الكاثوليكية في نابولي بيانا حول سيرة حياة البطريرك ميناسيان جاء فيه: “75 عامًا، خمسون منها عاشها في الخدمة الكهنوتيّة بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك، روفائيل بدروس الحادي والعشرون ميناسيان، الذي يحتفل بذكرى سيامته الكهنوتية . وقفة مفعمة بالمشاعر شكّلت أيضًا مناسبة للتأمّل حول مصير الأرمن وحول ضرورة نشر رسالة الأخوة التي يحتاجها العالم. تاريخ، يكتسب أيضًأ أهمية أكبر منذ أن قام البابا فرنسيس، في هذا اليوم نفسه لسبع سنوات خلت، بزيارة حجٍّ إلى أرمينيا، “أول دولة مسيحية”، على سفح جبل أرارات، حيث هبطت سفينة نوح والنقطة التي استأنفت فيها الحياة مسارها بعد الطوفان الشامل. من الكنيسة الشهيرة لمدينة نابولي التي تحرس ذخائر القديس غريغوريوس – الأساس في ارتداد الشعب الأرمني إلى المسيحية، وليكون هكذا أيضًا أول شعب يتبنى العقيدة المسيحية كإيمان للدولة – استرجع البطريرك روفائيل بدروس مراحل دعوته، التي عاش ثلاثة وثلاثين سنة منها في الحرب، كما ذكر هو نفسه، أولاً ككاهن، ثم كأسقف لأرمينيا وأوروبا الشرقية والآن كبطريرك”.