ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ԱԹԷՆՔԻ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հովուապետական այցելութիւնը մեկնարկեց Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիէն, ուր շնորհակալական աղօթք մը մատոյց, մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ` Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեանի, խումբ մը քահանաներու եւ եկեղեցւոյ զաւակներուն:

Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հայրապետին ու բարի հովիւին ներկայութեան համար եկեղեցւոյ զաւակներուն կողքին, որոնք կը կարօտին այս պատմական այցելութեան, որ յոյս կը ներշնչէ բոլորին:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեանին եւ եկեղեցւոյ զաւակներուն շքեղ ընդունելութեան համար, որ ցոյց տուաւ անոնց բարի սիրտն ու սէրը Եկեղեցւոյ հանդէպ: Ան յայտնեց, թէ իր այցելութեան նպատակն է՝ վերահաստատել Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը անոնց կողքին, եւ թէ հակառակ ծանր պայմաններուն, Հոգեւոր Տիրոջ առաքելութիւնը՝ սիրոյ, ծառայութեան եւ յոյս սփռելու նուիրական գործն է: Ան նաեւ գնահատեց անոնց խոր հաւատքն ու սերտ կապը Եկեղեցւոյ հետ:

Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ, իր օրհնութիւնը շնորհելով անոնց:

 

البطريرك ميناسيان يقيم صلاة الشكر في كنيسة القديس غريغوريوس المنور – أثينا

استهل كاثوليكوس بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان زيارته الأبوية الرعوية بإقامة صلاة الشكر في كنيسة القديس غريغوريوس المنور للأرمن الكاثوليك في أثينا بمشاركة رئيس أساقفة أبرشية حلب للأرمن الكاثوليك المطران بطرس مراياتي، المدبر الرسولي للأرمن .الكاثوليك في اليونان الإكسرخوس جوزيف بيزازيان، والٱباء الكهنة وأبناء الكنيسة

وألقى الإكسرخوس جوزيف بيزازيان كلمة رحب فيها بغبطته والوفد المرافق معبرا عن اعتزازه لوجود الاب والراعي الصالح بين أبناء وبنات الكنيسة المتعطشين لمثل هذه الزيارة التاريخية التي تبعث الأمل والرجاء.

بدوره، رد البطريرك ميناسيان شاكرا الإكسرخوس جوزيف بيزازيان وأبناء الكنيسة على إستقبالهم الجميل الذي يعبر عن جمال قلوبهم ومحبتهم لكنيستهم. مؤكدا لهم أن الهدف من زيارته هي التأكيد على وقوف الكنيسة إلى جانبهم، وان رسالة البطريرك هي رسالة خدمة ومحبة ونشر رسالة الرجاء رغم الظروف القاسية. مهنئا إياهم على إيمانهم العميق وتمسكهم بكنيستهم”.

بعدئذ، إلتقى غبطته أبناء الكنيسة مانحا إياهم بركته الأبوية.