ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ

Շաբաթ, 26 Մարտի  յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը հովուապետական այցելութիւն կատարեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն` մօտէն ծանօթանալու կառոյցի եւ կեդրոնի աշխատանքներուն: Մուտքին հոգեւոր տիրոջ դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անդրանիկ Մսըրլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Շրջագայելէ ետք կեդրոնի յարկերուն մէջ ներկաները հաւաքուեցան «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ներկայ գտնուեցան ուսուցիչներ, պատասխանատուներ, գեղարուեստի դպրոցներու ուսանողներ ու ծնողներ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի պատմութեան մէջ յատկանշական ու յիշատակելի օր մըն է այսօր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով հոգեւոր տէրը հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն: «Հոգեւոր հայր, ձեր ներկայութիւնը այսօր մեր աշխատանքներուն մօտէն ծանօթանալու եւ քաջալերելու զուգահեռ գօտեպնդիչ ուժ է մեզի, որպէսզի կրկնապատկենք մեր ճիգերը` ի սպաս հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման աշխատանքներուն: Ձեր մարդասիրական ու բարեսիրական բեղուն գործունէութիւնը եւ համեստ ու առաքելագործ հոգեւորականի տիպարը օրինակելի եւ դաստիարակիչ են իւրաքանչիւր եկեղեցականի, ազգային ու մշակութային գործիչի համար», ըսաւ ան, ապա ներկայացուց կեդրոնին մէջ գործող դպրոցներն ու մասնաճիւղերը: Ան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ, որ քաջալերելով Համազգայինի աշխատանքները,  Լիբանանի կառոյցին նուիրեց 180 միլիոն լիբանանեան ոսկի:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը (Կոմիտաս, «Մանկական Հայր մեր»), «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթը (La Gitanita – Jurg Hochweber/ Corroscoscos – bunde (traditionnel)), «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դաշնակի ուսուցիչ Վերոնա Ռուսիալեան («Էլեկիա», Առնօ Պապաճանեան), «Արեգ» թատերական դպրոցէն Լիլիթ Տէմիրճեան եւ Կալիա Գարկայեան (մենախօսութիւն – ասմունք), ջութակ` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներ Արմէն ճէնտէրէճեան եւ Ռիթա Աստիքեան (Violin duet – Narekatsi Tagh – arr. K. Tchalikian), «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Գոհար» խումբը, «Գուսան» երգչախումբէն Կարօ Քէլէշեան («Յուշարձաններ»):

Խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դրուատեց հոգեւոր տիրոջ օրհնաբեր այցելութիւնը կեդրոն` աւելցնելով, որ այս կառոյցը Լիբանանի ամէնէն թէժ օրերուն մէջտեղ եկաւ: Ան ըսաւ, որ այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ դաժան եւ տագնապալի ժամանակի մը ընթացքին, բայց եւ այնպէս նոր կենսունակութիւն ու ապագայի հանդէպ յաւելեալ հաւատք ու վճռականութիւն կը սերմանէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ այս կեդրոնին մէջ գործող ու այս կեդրոնով շնչող երեխաներուն ու երիտասարդներուն մէջ: Երեսփոխան Բագրատունի աւարտեց իր խօսքը նշելով, որ նման կառոյցներն են, որոնք մեր երիտասարդ սերունդներուն մէջ վառ պիտի պահեն հայկականութիւնը:

Ապա հոգեւոր տէրը սրտի խօսք արտասանելով իր զգացմունքը արտայայտեց հիւրընկալութեան համար եւ ըսաւ, որ այս կեդրոնը սովորական մշակութային կառոյց ըլլալէ աւելի արուեստի ու մշակոյթի համալսարան մըն է: Ան շարունակեց ըսելով, որ հաւաքաբար պիտի յաղթահարենք մեր շուրջը գտնուող դժուարութիւնները, որովհետեւ հայու նկարագիրը ապառաժի նման կանգուն է: Ան առաջարկեց մրցանքներ ծրագրել եւ տաղանդաւոր երեխաներուն համաշխարհային մակարդակի ուսում ու սլացք տալ, միաժամանակ նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատարելու այս խիստ կենսական առաքելութեան: Հոգեւոր հայրը իր խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած զոհողութեան համար եւ աւարտեց նշելով, որ մենք ստեղծագործ ժողովուրդ ենք եւ միասնական աշխատանքով պէտք է զօրացնենք մեր ինքնութիւնը:

Աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հոգեւոր տիրոջ յանձնեց երախտագիտական յուշանուէր մը` «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի արուեստագիտուհի Տարիա Խտըշեանի գործերէն: