ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ ԵՒ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՔ. «ԱՅՍ ՀԱՒԱՏՔԷՆ ՄԵԶ Ո՛Չ ՄԷԿ ՈՒԺ ԿՐՆԱՅ ԽԱԽՏԵԼ»

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս- Պատրիարքին նախագահութեամբ եւ «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Աւարայրէն Արցախ» խորագրով Սրբոց Վարդանանց տօնահանդէսն ու Արցախի հերոս նահատակներու ոգեկոչումը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին վաստակաւոր արուեստագէտներ:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ Հոգեշնորհ Տէր Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Գերապայծառ Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան, Գերապայծառ Հ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նամոյեան, Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչը՝ Արժանապատիւ Տէր Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ, Արժանապատիւ Քահանաներ, պատուոյ հիւրեր ու մշակութասէր հասարակութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն հնչումէն ետք, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մարգրիտ Ազատեան.

«Ազատ ու անկախ Արցախ…

Մասունք աստուածային…

Դու մեր լոյս հայրենիք…

Անյաղթելի մի բուռ աշխարհ…:

Քայլերգ մը, որ թէեւ պաշտօնապէս հնչելէ դադրած է, սակայն չի դադրիր թնդալէ իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգիին ու մտքին մէջ»:

«Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան անունով բոլոր ներկաները ողջունելէ յետոյ՝ ան անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց, Վարդանանց եւ Արցախի հերոսներու հաւատքի զօրութեան, կամքի ուժին, զոհողութեան ոգիին, արժանապատուութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու վեհ առաքելութեան գիտակցութեան: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի «մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել…» խօսքը կիրարկող օրինակելի էակներն էին անոնք՝ հանդիսանալով զօրակիցները իրենց ժողովուրդին:

Ան շեշտեց. «Իւրաքանչիւր հայ պարտական է յարգանքի տուրք մատուցանել մեր անմահ հերոսներուն, միեւնոյն ատեն մեր հաւատքի ու հայրենասիրութեան պայքարը մղել՝ հայկական մշակոյթին հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը ներկայացնելով: Փաստօրէն մեր մշակոյթը մեր ինքնութեան արտացոլումն է, զոր ժառանգած ենք մեր պապերէն, եւ մենք պարտաւոր ենք փոխանցել զայն մեր սերունդներուն: Անոր միջոցաւ կը վերանորոգենք մեր հաւատքն ու յոյսը՝ վերատիրանալու մեր սրբազան հողին, ինչպէս նաեւ մեր արդար ու վեհ իրաւունքին»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ «Արծիւեան» երգչախումբին  հոգեպարար երգեցողութեամբ «Նորահրաշ պսակադիր» շարականին եւ «Հիմի է՞լ լռենք», «Արարատն առաջ», «Կովկասի քաջեր» ու «Խուժան ասկեար» երգերուն, խմբավարութեամբ Նշան Մարաշլեանի ու նուագի ընկերակցութեամբ՝ Անթոնի Ղազալի եւ Նարեկ Քէշիշեանի:

Օրուան շահեկան ու տպաւորիչ պատգամը փոխանցեց «Ազդակ» օրաթերթին տնօրէնը՝ Պրն. Շահան Գանտահարեան: Ան ողջունեց ու բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը, որ կը շարունակէ իր սկսած գեղեցիկ աւանդութիւնը՝ առաջնային կարգով տօնակատարելու Վարդանանքը, քանի իբր խորհուրդ՝ ան իր մէջ կ’ամփոփէ հայերուն համազգային միասնականութիւնը, քրիստոնէութիւնն ու տոհմայինը, հոգեւորն ու պետականը, ինչպէս նաեւ այդ փիլիսոփայութեամբ ազգն առաջնորդելու սկզբունքը, որ հազարամեակներէ ի վեր մեզ փրկած է իբր քրիստոնեայ ու հայ, որմէ որեւէ շեղում հարուած է մեր համազգային երթին ու մեր յաւերժական ուղիին:

Վարդանանքն ամբողջական ծիրի մէջ ընկալելու համար՝ Պրն. Գանտահարեան դիտարկել տուաւ երէկուան պայմանները, քաղաքական ճնշումները, պարտադրուող քաղաքականութիւնը մեր հայրենիքին եւ մատնանշեց անքակտելի կապը Ատոմեանցի, Վարդանանցի ու Վահանեանցի միջեւ: Յայտնեց, որ կրօնին ու հաւատքին կառչած մնալու առաջին օրինակը Ատոմեանք էին, ապա զանգուածային ճակատումով իմացեալ մահը ընտրեցին Վարդանանք, իսկ թշնամիին ծրագիրները ձախողեցուցին Վահանեանք:

Պրն. Գանտահարեան համեմատական զուգահեռ գծեց մեր այսօրուան իրականութեան հետ՝ ճշդելու համար, թէ ո՛ւր կը գտնուինք այսօր իբր ազգ ու պետութիւն, իբր եկեղեցի ու պետութիւն, իբր համատեղ դիրքորոշում որդեգրած ամբողջութիւն: Ներկայացուց Ատոմեանքը, որոնք մեր առաջին զոհերն էին Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ: Անոնք մերժեցին ատրպէյճանական բռնատիրութիւնը եւ նախընտրեցին նահատակուիլ՝ կառչած մնալով իրենց կրօնին: Սումկայիթի մէջ հայ անզէն բնակչութիւնը կոտորուեցաւ հայ քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով: Հայ-քրիստոնեայ միաձոյլ հասկացողութիւնն էր, որուն դէմ ցեղային զտումին դիմեց նորօրեայ Յազկերտը…:

Ճառախօսը յիշեց արցախեան պատերազմներուն տարբեր հանգրուանները՝ յիշելով, որ եկաւ «Արցախեան Աւարայրը» եւ ամբողջ ժողովուրդը «ո՛չ» ըսաւ ատրպէյճանցի Յազկերտին: Երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան չենթարկուելու համար, դիմեց ինքնապաշտպանութեան՝ շրջելով կարգախօսը. «Ո՛չ թէ ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը, այլ՝ ձեր սուրին դիմաց մեր խաչն ու սուրը…»:

Պատմական ակնարկ կատարելէ եւ ներկայի հետ համեմատական գիծերը ներկայացնելէ յետոյ՝ Պրն. Գանտահարեան կոչ ուղղեց նոր վահանեան շարժումի եւ նոր ռազմավարութեան մը համազգային նոր աւարայրներու տարբեր ոլորտներու մէջ՝ մեր արժէքն ու իրաւունքը պարտադրելու թշնամիին:

Ան, այդ «Աւարայրին» պատրաստութեան համար, մէջբերեց բացառիկ հռետոր եւ իմաստասէր, երջանկայիշատակ Դոկտ. Հայր Սահակ Եպս. Կոգեանի հնչեցուցած անժամանակավրէպ ահազանգը՝ արտասանուած 1958-ին. «Արդ կ’ըսեմ, երբ կրօնը դադրի ըլլալէ հոգին ձեր ընտանեկան եւ ազգային կեանքին, երբ եկեղեցիները մնան թափուր կամ դատարկ՝ ասպարէզ կռուի, երբ վիճակագրութիւնը ցոյց տայ, որ հայ ազգին մէջ աւելի են անկրօններն ու անհաւատները կամ ճշմարիտ աստուածապաշտները, երբ հայ ազգի մէջ հայհոյանքը աւելի տիրող դառնայ, քան՝ աղօթքը, երբ կրօն ու ազգ ըսեն, «ես» հասկնան, Աստուած ըսեն, «դրամ» հասկնան, գիտցէք, որ գազանը մարդադէմ հասած է իր նպատակին՝ հայադրուժ ու հայաջինջ…»:

Ան, լուսահոգի Գերապայծառին այս խօսքով, զգուշացուց ներքին պառակտումներէ եւ թելադրեց Հայաստանէն Արցախ ու սփիւռքեան բոլոր գաղութները, որ միասին համակարգուած ու նպատակաւորուած ըլլան՝ յաղթահարելու հայերուս առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Պրն. Գանտահարեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ Աւարայրի սերունդը յաղթած է իր հաւատքին պայքարին մէջ, եւ այդ հաւատքն է, որ երբ այսօր վերակենդանանայ, վերստին կ’ազատագրէ Արցախն ու կը զօրացնէ մեր պետականութիւնը, կը համախմբէ սփիւռքը իր կրօնական, կուսակցական ու միութենական բոլոր հատուածներով, անսասան կը պահէ հայկական եկեղեցիները, որուն համար նոր Արտաշատի ժողովի պէտք ունի մեր ազգը, ուր համատեղուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ զինուորականութիւնն ու թէ՛ սփիւռքը, բայց մանաւանդ բոլորը միասին «ո՛չ ըսեն» նոր Յազկերտին, միասին յայտարարեն, թէ «ո՛չ մէկ սուր, ո՛չ մէկ հուր կրնայ շեղել մեզ մեր հաւատքէն եւ հայրենիքի նկատմամբ մեր կապուածութենէն»:

Իսկ նոր Վարդաններ, Յովսէփ Կաթողիկոսներ, Ղեւոնդ Երէցներ ու Վահան Մամիկոնեաններ կրնան «ո՛չ» ըսել թշնամիին, կերտել նոր Աւարայր մը եւ պարտադրել նոր Նուարսակի դաշնագիր մը՝ իբր հայ-քրիստոնեայ շարունակելու համար մեր ազգին յաւերժական երթը:

Պրն. Գանտահարեանի բանախօսութենէն ետք, Գէորգ Քէշիշեան շուիով, Վերոնա Ռուսիալեան դաշնամուրով եւ Նարեկ Քէշիշեան տհոլով, իրենց ճարտար ու հմուտ նուագով «Գողտնի քնար», «Աւարայրի դաշտ», «Հայեր միացէ՛ք» եւ «Գետաշէն» երգերու երաժշտութիւնները թնդացուցին եւ լիացուցին ներկաներուն հոգիները:

Անոր յաջորդեց Քրիսթին Սրապոնեան-Սանոսեանի հիասքանչ ասմունքը Հայր Վահան Վրդ. Յովհաննիսեանի «Հայրն ու որդին» եւ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութիւններուն:

Ապա, յաջորդաբար սիրուած եւ յարգելի արուեստագէտները՝ Ալիս Իփրաճեան «Ղարաբաղ», Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթիւքճեան «Կռունկ» ու «Կիլիկիա», նուագի ընկերակցութեամբ Ազնիւ Պաթիարի, եւ Վիգէն Տիշչէքէնեան «Ախբերս ու ես», «Կամաւորի երգ», «Լեռներ հայրենի» երգերով՝ նուագի ընկերակցութեամբ Քեւըն Եուսէֆի, իրենց շնորհալի, հրապուրիչ ձայներով ու նուագով ոգեւորեցին բոլոր ներկաները:

Յայտագրի աւարտին՝ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիի փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան բեմ հրաւիրեց բոլոր արուեստագէտները, գնահատական խօսքերով, ծաղկեփունջերով ու Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր յուշանուէրներով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա բեմ հրաւիրեց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս- Պատրիարքը՝ եզրափակիչ պատգամն ուղղելու:

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն, բոլոր ներկաներուն, մասնակցողներուն, կազմակերպողներուն եւ բանախօս Շահան Գանտահարեանին, որ իր խօսքով վերակենդանացուց անցեալը: Յիշեց իր աշակերտութեան օրերը, երբ կը լսէր Կոգեանը, Կռանեանն ու Պաթագեանը եւ բոլոր այն կղերականները, որոնք բեմէն Վարդանանց պատգամը կը հաղորդէին: Ան յայտնեց, թէ այս տօնահանդէսով իր սրտին մէջ վերակենդանացաւ հոգեւոր, մշակութային եւ երաժշտական միաւորումը, որ կ’արծարծէ հայավառ խանդը իւրաքանչիւրիս հոգիին ու մտքին մէջ:

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց. «Շատեր կ’ըսեն, թէ Արցախը գնաց, բայց ինծի համար Արցախը մնաց, քանի որ ժամերը, օրերն ու դարերը կ’անցնին, բայց մենք կանգուն ենք ու կը մնանք կանգուն…»: Հայրապետը յորդորեց մնալ միասնական ու կենդանի ժողովուրդ՝ հաւատքով զօրացած, ինքնութեան ու հայապահպանումին մնայուն պայքարով տոգորուած: Իր խօսքն ուղղելով արուեստագէտներուն՝ մաղթեց, որ շարունակեն եւ բազմանան, հայ մշակոյթը կանգուն պահելու համար: Խօսքն աւարտեց եղբայրական ջերմ շնորհակալութիւն յայտնելով Վեհափառ Հօր, որ զինքը պատուեց իր ներկայացուցիչին ներկայութեամբ:

«Պահպանիչ» աղօթքէն ետք, «Հայր մեր» տէրունականն երգուեցաւ միասիրտ ջերմեռանդութեամբ: Խմբանկարով վերջ գտաւ Վարդանանց տօնահանդէսը: