ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

ՀՌՈՄ, 26-29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2024
Աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած՝ Հայ Կաթողիկէ զանազան Թեմերու Առաջնորդները, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս, 26 Փետրուարէն մինչեւ 29 Փետրուար 2024, ընթացք տուին Սիւնհոդոսական իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին, ուր՝ մղուած Եկեղեցւոյ ընդհանուր բարիքէն, անոնք առին կարեւոր որոշումներ եւ կատարեցին անհրաժեշտ ընտրութիւններ՝ աշխուժացնելու համար Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը եւ անոր կենսական կառոյցները:
Սիւնհոդոսական Հայրերը խոր մտահոգութիւն յայտնեցին ներկայիս տիրող Միջին Արեւելքի, Սուրբ Երկրի, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող քաղաքական, պատերազմական, տնտեսական, եւայլն, ծանր եւ ճակատագրական վիճակին մասին եւ փորձեցին վճռականօրէն համատեղել իրենց մտքերն ու միջոցները՝ միացեալ եւ թանձրացեալ պատասխաններ գտնելու եւ տալու համար սոյն մարտահրաւէրներուն:
Պատմական եւ կարեւոր այս հաւաքոյթին՝ տարբեր կարգադրութիւններու կարգին, Սիւնհոդոսական Եպիսկոպոսները որդեգրեցին հետեւեալ կէտերը.
Ա. զարկ տալ եւ նոր հորիզոն բանալ կազմաւորման ծիրէն ներս, ներգրաւելով մասնաւորապէս նաեւ աշխարհական հաւատացեալնները որոնցմով միասնաբար վերակենդանացնել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ անոր Հիմնարկները:
Բ. Համակարգուած գործունէութիւն մը վարել՝ աւելի լաւ կազմակերպելով Պատրիարքութեան մշակութային ասպարէզը:
Գ. Հետեւելով մեր ժողովուրդի գաղթին դէպի հեռաւոր երկիրներ, որոշումներ առնուեցան ստեղծելու համար այդ գաղութներէն եւ իրականութիւներէն ներս՝ համապատասխան եկեղեցական եւ իրաւական կառոյցներ, լաւագոյն կերպով ընդառաջելու համար մեր ժողովուրդին հոգեւոր, կրթական, եւ այլ կարիքներուն:
Դ. Այս ուղղութեամբ, թէ՛ նոր իրաւական կառոյցներուն համար եւ թէ՛ ալ պատմականներուն, ընտրուեցան Առաջնորդներ եւ Պատասխանատուներ՝ որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ ստացած են Սուրբ Աթոռի կողմէն հաւանութիւն, մինչ ուրիշներ ընթացքի մէջ են եւ մօտ ատենէն ուրախութեամբ պիտի կարենանք հրապարակել այս անուանումները:
Ե. Սիւնհոդոսի հաւաքման շնորհքի օրերուն՝ բարեպատեհ առիթը ընծայուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սիւնհոդոսական Հայրերուն եւ Քարտուղարութեան անդամներուն հանդիպում ունենալու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ եւ Ան՝ Իր անկեղծ սրտակցութիւնը եւ մերձաւորութիւնը յայտնեց Հայ Ժողովուրդին, մասնաւորապէս այս տագնապալից օրերուն:
Զ. Միեւնոյն Սիւնհոդոսական շրջանին, գեղեցիկ ապրում մը արձանագրուեցաւ երբ Արեւմտեան Եկեղեցւոյ կողմէն հաստատուած Հայ Եկեղեցւոյ պարծանք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հանդիսութիւնը յիշատակուեցաւ 27 Փետրուարին՝ Հայրապետական Սուրբ Պատարագի կատարողութեամբ, Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացելաներու, թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար, ինչպէս նաեւ զանազան Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու եւ գլխաւորաբար՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Գրասենեակի Պատասխանատու անձնաւորութիւններուն ներկայութեան, յատկապէս Անոր Նախագահ՝ Ծիրանաւոր Կլաուդիոյ Արքեպս. Կուճերոթթիի որ Իր դիպուկ քարոզով, լուսարձակի տակ առաւ Նարեկացիի հարստութիւնը համայն մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ համար, շեշտելով թէ ան ինչպէս իր քրիստոսավար կեանքով՝ Իր վրայ ստանձնած էր բոլոր մարդկութեան մեղքերը եւ իր աղօթքի միջոցով յաւիտեան միջնորդ ու կամուրջը եղած էր մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ ներումի եւ շնորհքի փոխանցումին:
Է. Սիւնհոդոսը՝ Իր միասնական ճանապարհորդութեան որպէս յաջորդ հանգրուան կամ թուական որոշած է հանդիպիլ 7-11 Հոկտեմբեր 2025 թուականին եւ որու աւարտին նախատեսած է Սուրբ Հոգիի շնորհքներու լիառատ բաշխումը, Հոկտեմբեր 12-ին, Սուրբ Միւռոնօրհնէքի արարողութեամբ:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի
البيان الختامي لأعمال سينودس الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية
روما، ٢٦- ٢٩ شباط ٢٠٢٤
عُقد سينودس الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في المعهد الليوني الحبري الأرمني في روما، إيطاليا، في الفترة ما بين ٢٦ و ٢٩ شباط ٢٠٢٤، برئاسة صاحب الغبطة روفائيل بدروس الحادي والعشرون كاثوليكوس بطريرك الأرمن الكاثوليك على بيت كيليكيا، وبمشاركة أصحاب السيادة رؤساء الأساقفة والأساقفة رعاة مختلف أبرشيات الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في أصقاع العالم.
اجتمع قادة الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في اجتماع سنوي هام استمر أربعة أيام، سعياً لتحقيق خير الكنيسة العام، واعتمدوا قرارات مهمة وضرورية لتنشيط الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية وإحياء مؤسساتها الروحية والتربوية والاجتماعية .
أعرب آباء السينودس عن قلقهم البالغ إزاء الأوضاع السياسية والإقتصادية التي تحيط كل من أرمينيا وأرتساخ والشرق الأوسط والأراضي المقدسة، عازمين على توحيد أفكارهم ومواردهم لإيجاد حلول لهذه التحديات التي تواجه شعبنا.
نتيجةً لهذا الاجتماع التاريخي المهم، اعتمد آباء السينودس النقاط التالية:
أ‌. فتح آفاق جديدة وإعطاء أهمية للتنشئة وبخاصةً تنشئة المؤمنين العلمانيين.
ب‌. تأسيس هيكلية عمل مُنظم ومُنسق، وذلك بإنشاء مركز ثقافي للبطريركية.
ت‌. بسبب هجرة شعبنا إلى بلدان بعيدة، تمّ اتّخاذ قرارات لإنشاء مؤسسات كنسية وقانونية في تلك البلدان من أجل تلبية احتياجات الشعب الروحية والتعليمية والاجتماعية وغيرها من الاحتياجات.
ث‌. تمّ انتخاب رعاة قادة مسؤولين لخدمة الشعب في بلدان الإغتراب أيضاً، وحصل بعضهم بالفعل على موافقة الكرسي الرسولي، بينما لا يزال آخرون قيد الدراسة، قريباً سنقوم بإعلان أسماء جميع الرعاة المُنتخبون حديثاً.
ج‌. حظي آباء السينودس وأعضاء أمانة سرّ بطريركية الأرمن الكاثوليك، خلال هذه الأيام المباركة من انعقاد أعمال السينودس، بشرف لقاء قداسة البابا فرنسيس. وقد أعرب قداسته عن تعاطفه الصادق وصلاته للشعب الأرمني، خاصةً في ظل الظروف التي يمر بها.
ح‌. خلال ذات الفترة السينودسية المباركة، تمّ إحياء ذكرى عيد القديس كريكور ناريكاتسي، فخر الكنيسة الأرمنية، وذلك في ذكرى يوم عيده المقرر من قبل الكرسي الرسولي في ٢٧ شباط. وترأس غبطة البطريرك روفائيل بدروس الحادي والعشرون كاثوليكوس بطريرك الأرمن الكاثوليك على بيت كيليكيا القداس الاحتفالي، بحضور رئيس مجمع الكنائس الشرقية الكاردينال كلاوديو غوجيروتي الذي ألقى عظة المناسبة مسلطاً الضوء على إسهامات القديس كريكور ناريكاتسي للبشرية وللكنيسة الجامعة. وأكّد الكاردينال غوجيروتي على أنّ القديس كريكور كان مثالاً يحتذى به في حياته المسيحية، حيث حمل على عاتقه هموم البشرية، وكان من خلال صلاته وسيطاً وجسراً أبدياً بين الناس وبين الله لنقل المغفرة والنعمة. حضر القداس آباء سينودس الأرمن الكاثوليك وممثلو الكنائس الشقيقة ولفيف من الكهنة والراهبات وحشد من المؤمنين الكرام.
خ‌. حدّد آباء السينودس موعد اللقاء السينودسي القادم في الفترة ما بين ٧ إلى ١١ من شهر تشرين الأول من العام ٢٠٢٥ . كما حدّد المجلس موعد احتفالية تبريك الميرون المقدس في ١٢ من شهر تشرين الأول من ذات العام.
روما ٢ آذار ٢٠٢٤
أمانة سرّ سينودس أساقفة الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية