ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԻՒՆԸ

«Ես կոյր եմ, այլեւս ոչինչ կը տեսնեմ եւ պիտանի չեմ, սակայն երբ աչքերս ընդմիշտ փակեմ, այն ժամանակ ես պիտի կարենամ ձեզի օգնել»։
Այսօր, 23 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ֆրանկիսկոս Սրբազան Պապին քահանայապետութեան ԺԱ. տարին, աւարտեցան Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի աճիւններուն կանոնական հետախուզութիւնն ու կնիքներուն զետեղումը փայտէ դագաղին վրայ, որ կը պարունակէ բիւրեղեայ մասնատուփ մը. անոր մէջ զետեղուած են Աստուծոյ Ծառային մասունքները, որոնք մեծ բարեպաշտութեամբ տեղադրուած էին Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցիին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մատուռին մէջ։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սեղմ շրջանակի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եպիսկոպոսներուն, Հռոմի եկեղեցական ատեանին անդամներուն, որոնց ընկերացած էին մասնագէտ բժիշկներ, ինչպէս նաեւ Հռոմի հայ համայնքին անդամներուն։
Արարողութեան ընթացքին ստորագրուեցան աճիւններուն հետախուզութեան պաշտօնական փակման փաստաթուղթերը։
Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կաթողիկոս- Պատրիարքին սրբադասման դատին ծիրէն ներս, 20 Հոկտեմբեր 2023-ին, աճիւններուն գծով սկիզբ առած հետախուզութեան աւարտով եւ արդիւնքով՝ կը հաստատուին Աստուծոյ Ծառային աճիւններուն վաւերականութիւնը, ինչպէս նաեւ լաւ պահպանուած վիճակը, որ կարեւոր քայլ է Աստուծոյ Ծառային երանացման եւ սրբադասման դատին յաջողութեան։
Հոս կարեւոր է ընդգծել, որ քանի Ս. Եկեղեցին պաշտօնական յայտարարութիւն մը տակաւին չէ կատարած Աստուծոյ Ծառային սրբութեան վերաբերեալ, հրապարակաւ կարելի չէ մեծարել անոր աճիւնները։
Աստուծոյ Ծառային մարմնին պահպանումը յարգանքի առարկայ է ու շօշափելի նշան՝ անոր հոգիին եւ ուսուցումին, ինչպէս ալ մեր մէջ անընդհատ ներկայութեան եւ անոր հանդէպ մեր մեծարանքին ու ջերմեռանդութեան արարք։
Արդարեւ, անցնող ամիսներուն, Ծիրանաւորին աճիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը կ’արտացոլան յարգանքը, երախտագիտութիւնն ու սէրը, զորոնք շատեր ունեցան անոր նկատմամբ։
Եւ քանինե՜ր շնորհքն ունեցան անոր օգնելու իր կեանքին վերջին պահերուն եւ լսելու անոր սրտէն բխած խօսքը, թէ ինքը ծարաւի է ո՛չ թէ ջուրին, այլ՝ հոգիներու սրբութեան, աւելցնելով.«Ես կոյր եմ, այլեւս ոչինչ կը տեսնեմ եւ պիտանի չեմ, սակայն երբ աչքերս ընդմիշտ փակեմ, այն ժամանակ ես պիտի կարենամ ձեզի օգնել»։
إختتام التحقيق الرسمي في رفات خادم الله الكاردينال كريكور بيدروس الخامس عشر أغاجانيان.
“أنا أعمى، لا أستطيع رؤية أي شيء بعد الآن ولم أعد مستحقّاً، ولكن عندما أغمض عيني إلى الأبد، فسأكون حينها قادرًا على مساعدتكم.”
في السنة الحادية عشرة لحبرية قداسة البابا فرنسيس، اختتمت أعمال التحقيق الرسمي في رفات خادم الله الكاردينال كريكور بدروس الخامس عشر أغاجانيان وتم وضع الأختام على التابوت الخشبي الذي يحتوي على صندوق بلوري، وفيه رفات خادم الله التي وُضعت بتقوى عظيمة في مقصورة “القديس غريغوريوس المنوّر” التابعة لكنيسة “القديس نيقولاوس” في روما.
للمناسبة، أقيم الحفل في دائرة ضيقة برئاسة صاحب الغبطة الكاثوليكوس البطريرك روفائيل بدروس الحادي والعشرون ميناسيان، وبحضور أساقفة الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية، وأعضاء كنيسة روما، يرافقهم أطباء متخصّصون إلى جانب أبناء الطائفة الأرمنية في روما.
وتمّ خلال الحفل التوقيع على وثائق الإغلاق الرسمي للتحقيق في الرفات.
ضمن إطار دعوى تطويب خادم الله الكاردينال كريكور بدروس الخامس عشر أغاجانيان كاثوليكوس بطريرك للأرمن الكاثوليك، وبموجب اختتام نتائج التحقيق الرسمي برفات الكاردينال أغاجانيان، التي انطلقت في 20 تشرين الأول العام 2023، وتمّ التأكيد على صحة رفات خادم الله، وكذلك الحالة المحفوظة بشكل جيد، والتي تعدّ خطوة مهمة في نجاح دعوى تطويب واعلان قداسة خادم الله.
من المهم التأكيد هنا، أنه لا يمكن تكريم رفات الكاردينال أغاجانيان علناً، طالما ان الكنيسة لم تصدر بعد بياناً رسمياً بشأن قداسة خادم الله.
إن حفظ جسد خادم الله هو موضع احترام وعلامة ملموسة على روحه وتعليمه، كما أنه علامة على حضوره الدائم فينا، كما احترامنا وتكريمنا له.
في الواقع، خلال الأشهر الماضية، إن الاهتمام والرعاية التي حظيت بهما رفات الكاردينال أغاجانيان تعكس الاحترام والامتنان والحبّ الذي يكنّه الكثيرون تجاهه.
وكم من الأشخاص الذين نالوا نعمة مساعدته في اللحظات الأخيرة من حياته وسماع الكلمات النابعة من قلبه، أنّه ليس عطشانًا للماء، بل لقداسة النفوس، مضيفًا: “أنا أعمى، لا أستطيع رؤية أي شيء بعد الآن ولم أعد مستحقّاً، ولكن عندما أغمض عيني إلى الأبد، فسأكون حينها قادرًا على مساعدتكم.”
May be an image of 1 person