Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2014 - «Հայոց Լեզուի Օր» Զմմառու վանքին մէջ

Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ նախաձեռնութեամբ Զմմառեան միութեան ժառանգաւորաց տեսչութեան, կիրակի, 2 մարտ 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Զմմառեան միաբանութեան Վերափոխման Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ժառանգաւորաց սաներուն կազմակերպութեամբ նշուեցաւ «Հայոց լեզուի օր»-ը:

Օրուան բանախօս Տիգրան կիս. սրկ. Փիլիպպոս անդրադարձաւ գաղթօճախներու մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիներ փնտռելու կարեւորութեան մասին:

Օրուան պատգամին մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ժառանգաւորաց եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ըսաւ. «Ազգային նկարագիրի կարեւորագոյն բաղադրիչը հանդիսացող հայոց լեզուն, սփիւռքի պահպանութեան ամէնէն էական կռուանն է»:

Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ներկայացուց հայոց լեզուի օրուան ստեղծման հանգամանքները: Իր խօսքի աւարտին դեսպան Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն` ըսելով. «Իրարու շնորհաւորենք այսօր մայրենի լեզուի նուիրուած պետական տօնին առիթով եւ մեծարենք ու փառաբանենք մեր մեծասքանչ մայրենին` ամէնուրեք խօսելով հայերէն:

Աւարտին Զմմառու վանքի մեծաւոր գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան եւ Ժառանգաւորաց տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ընծայարանի 50-ամեակի յուշանուէրով պարգեւատրեցին դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Գերապայծառ Մուրատեան վեր առաւ մայրենիին զարկ տալու գաղափարը եւ հայրենիքի մէջ Զմմառեան միաբանութեան գրանցման հարցը, ապա պահպանիչով եզրափակեց մայրենիին նուիրուած տօնակատարութիւնը:

Նշենք, որ Զմմառու վանքին «Զուարթնոց» պարբերաթերթին վերջին թիւը լոյս տեսաւ եւ ամբողջ օրինակը կը գտնէք հետեւեալ հասցէն այցելելով՝ http://armeniancatholic.net/test/img/zvartnots_2013.pdf 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ