Երեքշաբթի, 26 Յուլիս 2011 - Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի100 առ 100 յաջողութիւն BP պետական քննութիւններուն


Պուրճ Համմուտ

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք լիբանանահայ հանրութեան, որ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը 100 առ 100 յաջողութիւն արձանագրեց 2010-2011 տարեշրջանի BP պետական քննութիւններուն։
BP Հաշուապահութեան քննութիւններուն ներկայացան Մեսրոպեան Արուեստիցի 16 աշակերտներ՝ որոնք բոլորն ալ յաջողութիւն արձանագրեցին եւ ստացան համապատասխան պետական վկայականներ։
BP-ի վկայեալներն են՝ Յակոբ Պալուզեան, Խաչատուր Դիմիճեան, Արշալոյս Աւետիսեան, Լիտիա Թիւթիւնճեան, Տիգրան Զէնեան, Մարի□Ռոզ Տաուլպէօյիւքեան, Սեւան Թաշճեան, Նազարէթ Սահակեան, Կիրակոս Ագտէպեան, ՌաՖՖի Գարակէօզեան, Սինթիա Գալայճեան, Շահան Պէրթիզլեան, Հրակ Մանուկեան, Վալենթինա Գարապաճաքեան, Նենսի Կիւզելեան, Ալեքս Մոմճեան։

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի մէջ BP ծրագիրը սկսաւ 2005-2006 տարեշրջանին։ BP առաջին դասարան կÿընդունուին բոլոր անոնք, որոնք աւարտած են միջնակարգի 7րդ դասարանը։
BP երկամեայ ծրագրին նպատակն է աշակերտները պատրաստել BT եւ հուսկ՝ TS պետական քննութիւններուն, որոնց մէջ յաջողութիւն արձանագրողները յաջորդաբար կը տիրանան Բ. պաքալորէայի եւ համալսարանականի հաւասարազօր վկայականներու։

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ BP□ի աշակերտները իրենց յաջողութեան համար եւ գոհունակութիւն կÿարտայայտէ պետական քննութիւններուն մէջ  արձանագրուած գերազանց արդիւնքին համար։

Տնօրէնութիւն
Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ