Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2012 - Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորական ուղերձը Յովհաննէս Ժ. Եազիժի պատրիարքին

Պէյրութ

Երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Յովհաննէս Ժ. Եազիժիին։ Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան նոր պատրիարքին ընտրութեան առթիւ, մաղթելով յաջողութիւն եւ կարողութիւն Յովհաննէս Ժ. Եազիժի պատրիարքին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ