Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2012 - «Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի» համերգը Լիբանանի մէջ
Պէյրութ

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պուրճ Համմուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի» համերգը, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբոց Հռիբսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքերը փոխանցեցին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան հայերէն ու արաբերէն լեզուներով եւ Տիկին Զուարթ Նաճարեան, ողջունելով «Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը» Լիբանանի մէջ։

Այնուհետեւ, «Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը» ելոյթ ունեցաւ շարք մը կոմիտասեան կտորներով եւ այլ դասական հայերէն, արաբերէն ու օտար երգերով։

Համերգին աւարտին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր հայրական հետեւեալ խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։
«Արհի. Գերապայծառ Տիարք
Գերյ., Գեր. Վարդապետներ եւ արժանաշնորհ քահանաներ
Առաքինափայլ քոյրեր
Հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ, վարժարաններու տնօրէններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ
Պատուարժան Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի պատասխանատուներ եւ յոյժ սիրեցեալ երգչուհիներ
Յարգարժան ներկաներ,
Ուրախութիւնը ունինք այս գիշերը հիւրընկալելու մեր մէջ Գիւմրիի մէջ գործող Պօղոսեան Կրթական Համալերի Տիրամայր Հայաստանի Երգչախումբի անդամները իրենց ղեկավար ու խմբավար Մայեսդրօ Ռոբերտ Մըլքէեանի, եւ հոգատարութեամբ առաքինափայլ Քոյր Արուսեակ Սաճոյեանի, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ոգեւորեն Լիբանանահայ գաղութը իրենց սիրասուն ձայներով:
Անցեալ ամիս, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ Սիւնհոդոս մը, որուն բնաբանն էր՝ Նոր Աւետարանացումը քրիստոնեայ հաւատքը փոխանցելու համար: Հարց կու տամ. Արդե՞օք երաժշտութիւնը կրնայ դեր կատարել Նոր Աւետարանացումի գործին:
Գիտենք որ սրբազան երաժշտութիւնը կը նպաստէ քրիստոնեայ հաւատքին, եւ այս հանգամանքով ան կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել Նոր Աւետարանացումի առաքելութեան: Ան կրնայ նաեւ աւելի զօրաւոր հաղորդակցութիւն ապահովել սաղմոսներու եւ շարականներու երգեցողութեամբ:
Երբ կը կարդանք Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մին՝ Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւններ» գիրքը, կը գտնենք այս սուրբին վկայութեան մէջ, որ հազիւ քրիստոնեայ հաւատքին դարձած եւ մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդը ստացած, կ’ըսէ. «Երբ կը վերյիշեմ արցունքները որ եկեղեցական երգերը աչքերէս խլեցին, այսօր եւս այս դէպքը յուզում կը պատճառէ ինծի, ո՛չ այնքան երգի պատճառով, որքան երգուած բառերուն համար: Կը շօշափեմ անոնց մէջ մեծ օգուտ իմ նորադարձ հաւատքիս»:
Անկէ կարելի հետեւցնել որ Սուրբ Օգոստինոսի փորձառութիւնը երաժշտութեան մասին լոկ զգայարանքներու հաճոյք մը չէր, այլ երգուած աղօթքները կրցան մարդուն օգնել ընդունելու համար Աստուծոյ խօսքը եւ ճաշակել անոր փրկարար իմաստը: Ասոր համար, եկեղեցական երգեցողութիւնը, զուգուած հոգեւոր բառերու, կը կազմեն մեր ձայնաւոր ծիսակատարութիւնները, որովհետեւ անոնք կը գործակցին իրենց իմաստով մեզի սնունդ ու արտայայտութիւն տալու՝ փառաւորելու համար Ամենակալն Աստուած եւ սրբացնելու ունկնդիր հաւատացեալները: Արդարեւ, այս երկու կէտերը կը կազմեն սրբազան երգեցողութեան նպատակները:
Սոյն հետեւութենէն մեկնած, մեր եկեղեցական երգչախումբերը մեզի թանկագին ծառայութիւն կը մատուցանեն եւ անոնց երաժշտութիւնը էական է մեր ծիսակադարութիւնները արժեւորելու համար, քանի սրբազան երգերը կ'օգնեն խորաթափանձելու համար Աստուծոյ խօսքը մարդուն սրտին մէջ եւ անոր կ'օժանդակեն, որպէսզի աւելի լաւ աղօթէ: Քանիներ զգացուեցան իրենց հոգիին մէջ լսելով հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ դէպի Աստուած յափշտակուած զգացին իրենք զիրենք ծիսական երաժշտութեան գեղեցկութենէն:
Ասոր համար, կը խնդրուի երաժշտագէտներէն որ անընդհատ կերպով բարւոքեն ծիսական երգերուն որակը, ներշնչուելով մեր դասական եկեղեցական շարականներէն: Յիրաւի, ծիսական երգեցողութիւնը մարդուն կ'օգնէ ձգտելու դէպի բարձունքները՝ արժանաւորապէս գովաբանելու համար մեր Տէրը եւ Աստուածը: Կը մաղթեմ որ այս մարզին մէջ ի լոյս գան նոր ռահվիրաներ եւ ստեղծագործիչներ երաժշտական մարզէն ներս, նման Մըլքէեան եւ Թորիկեան Մայեսթրոներուն:
Տիրամայր Հայաստանի Երգչախումբին կը մաղթեմ, որ նորանոր ելոյթներ ունենայ աշխարհասփիւռ մեր հայկական գաղութներուն մօտ, եւ միշտ յաջողութիւններ արձանագրեն՝ ուրախութիւն ու սփոփանք սփռելով եւ հոգիները ոգեւորելով իրենց հրեշտակային ձայներով: Ձեր ձայնը դալար եւ նորանոր յաջողութիւններ»:
    

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ