Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2008 - Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Աշրաֆիէի 23-րդ Ամեակ

Պէյրութ, Լիբանան
 

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, Կիրակի 3 Օգոստոս 2008ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի պարտէզին մէջ Հ.Կ.Մ. Պատանեկան ԱշրէՖիէի մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 23-րդ ամեակը: Այս առթիւ պատրաստուած ընթրիքին հոգեւոր տիրոջ կողքին ներկայ էին Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառ Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Արհի. հայր Պօղոս Գուսան, գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ.Վ.Կռանեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Ազգերու Համաշխարհային Խաղաղութեան Կազմակերպութեան ատենապետ՝ Միջին Արեւելքի տիկ. Հերմինէ Շէլլըն եւ խումբ մը կղերական հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:

Մասնաճիւղի հրամանատար ընկ. Մհեր Գալէնտէրեան իր խօսքին մէջ նշեց թէ ակմբային կեանքը ժամավաճառութիւն չէ, այլ ան կերտումի վայրն է ուր պատանիները կը դաստիարակուին դառնալու ապագայի պատասխանատուները : Ընկ.Գալէնտէրեան խօսքը փակեց ըսելով որ ակումբին մէջ է որ կը կերտուի իւրաքանչիւր պատանիի նկարագիրը եւ անոնց մէջ կը դրոշմուի օգնելու, զոհուելու եւ նուիրուելու ոգին:

 
Ապա «escape» խումբը խանդավառեց մթնոլորտը ներկաներուն հրամցնելով զանավան լեզուներով երգեր:

Խօսք առնելով Հայր Կռանեան շնորհաւորեց Հ.Կ.Մ.ի 23-րդ ամեակը եւ յայտնեց թէ վերջերս առիթը ունեցած է Հ.Կ.Մ. հիմելու նաեւ մայր հայրենիքին մէջ:

Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ ընկ. Մհեր մասնաճիւղի անունով յատուկ յուշանուէրով մը պատուեցին «escape» խումբը եւ ՇէՖ Էլի Հատտատը որ պատրաստած էր երեկոյի ընթրիքը:

23-րդ ամեակի կարկանդակը կտրելէ ետք, խօսք առաւ Ամեն. հոգեւոր տէրը շնորհաւորելով Հ.Կ.Մ.Պատանեկանի 23 ամեայ գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատելեվ եւ արժեւորելով անոր դերը համայնքէն ներս:

 

 

3

 

 

 

 

 

3


     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ