Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2012 - Կիրակնօրեայ խօսքը. «Ես մեղաւոր եմ ու մեղանչական…»

 

Սիրելի՛ ընթերցող, վերտառութիւնը իմ խօսքս է, զոր ստէպ կը կրկնեմ խորանէն` այս կամ այն քարոզիս ընթացքին: Խոր համոզումս է, ապրուած գիտակցութիւնս է:

Այսօր լուսակեաց ու սիրաբնակ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան պապը (1920-2005), որ «երանելի» հռչակուեցաւ իր վախճանումէն քանի մը տարի ետք լոկ, հաւատքով ու խոնարհութեամբ ամէն շաբաթ խոստովանանքը կը կատարէր իր քահանայ խոստովանահօր մօտ:

Այսպէս, 2 ապրիլ 2005-ին վախճանած լեհ քահանայապետը` ազգասիրութեան ներշնչարանն ու հայասիրութեան մարմնացումը, զոր մահէն ետք տուած իմ բանախօսութեանս մէջ յորջորջեցի «Մեծ», յստակօրէն շեշտելով, թէ` «մօտ ապագային պիտի կարենանք անուանել զինք «սուրբ»: Հայասէ՛ր սուրբը», կը հանդիսանայ թէ՛ օրինակը եւ թէ՛ ուսուցողը «ես մեղաւոր եմ ու մեղանչական…» խոր համոզումին եւ ապրուած գիտակցութեան:

Կիրակնօրեայ Աւետարանին առաջին բաժնին մէջ (Ղկ. 13, 1-5), Յիսուս Քրիստոս, որ մարդերուն Դաստիարակն է եւ քրիստոնեաներուս` Վարդապետը, բոլորը եւ բոլորս կը հրաւիրէ ապաշխարութեան` արար աշխարհին յայտարարելով. «Եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ… պիտի կորսուիք»:

Սպառնալիք չէ, երբե՛ք, այլ զգուշացում է, ազդարարութիւն է, յորդոր է եւ հրաւէր է, որոնք կը բխին իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հանդէպ Յիսուսի տիգախոց սրտին մէջ առկայ աստուածային սէրէն ու անհուն խանդաղատանքէն:

Արդէն իր առաքելագործութեան սկիզբը Յիսուս քարոզեց. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ մօտ է երկինքի արքայութիւնը (Մտթ. 4, 17): Ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մրկ. 1, 15):

Իրենց Վարդապետին միտքը հասկնալով` առաքեալներն ալ շարունակեցին քարոզել «ապաշխարութիւն փրկութեան համար» (1 Կոր. 7, 10):

Քրիստոսի եկեղեցին ժառանգեց իր Հիմնադրին աւանդը. «Անոր անունով քարոզել ապաշխարութիւն մեղքերու թողութեան համար» (Ղկ. 24, 47):

Ապաշխարանքը, որ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ներքին եւ արտաքին արարքն է, կը պարունակէ երկու գործողութիւններ կամ «շարժումներ»: Առաջինն է` ետդարձը մեղքէն: Երկրորդն է` դիմումը կամ կատարումն Աստուծմէ ուզածին:

Ապաշխարանքը երկնատուր պարգեւն է եւ նախապայմանը` ներումի, թողութեան, որ չի շահուիր մարդկային կատարումով լոկ, այլ նաեւ առաջնահերթօրէն անհրաժեշտ է, որ Աստուծոյ ողորմութիւնը ներքուստ քաշէ ու Տիրոջ սէրը բռնէ մարդը: Ա՛յս սէրը կը համակէ եւ կը ձեւակերպէ մարդը` անոր բոլոր մարզերուն եւ գործօններուն մէջ:

Սակայն ապաշխարանքին հասնելու համար նոյնպէս առաջնահերթօրէն անհրաժեշտ է «Ես մեղաւոր եմ ու մեղանչական…» խոր համոզումն ու ապրուած գիտակցութիւնը, որոնցմով ողողուած էին բոլոր սուրբերն ու ներակեաց հոգիները:

Այսպիսի հոգիներէն մին էր, օրինակի համար, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի: Այս հաստատումիս անհերքելի ապացոյցն է անոր «Մատեան ողբերգութեան-Նարեկ»-ը, որմէ մէջբերումներ կրնային լեցնել բազմաթիւ օրաթերթեր:

Ընդհանրապէս արդի մարդը եւ մասնաւորապէս ժամանակակից քրիստոնեան թօթուած են իրենց վրայէն մարդկայի՛ն, սահմանափա՛կ, տկա՛ր ու մեղանչակա՛ն ըլլալու յատկութիւնը, իսկ անոր փոխարէն` «Ես մեղք չունիմ…» կամ «Ի՜նչ մեղք կ՛ընեմ կոր…» ինքնարդարացուցիչ կարգախօսով իրենք իրենց հագցուցած են այն «հարսանիքի զգեստը» (Մտթ. 22, 11), որով կարելի չէ մասնակցիլ «երկինքի արքայութեան հարսանեկան խնճոյքին» (Մտթ. 22, 2):

Այս մարդերուն եւ քրիստոնեաներուն եկեղեցին պարտաւոր է յիշեցնել, թէ իրենք զիրենք ոչ միայն կը հակադրեն Ս. Գրքին ուսուցումին եւ եկեղեցիին վարդապետութեան, այլ նաեւ  իրենց անձերը կ՛արտաքսեն Քրիստոսի հրաւէրէն. «Ես չեմ եկած կանչելու արդարները, այլ` մեղաւորները, որպէսզի ապաշխարեն» (Ղկ. 5, 32):

Տրուպս շատ երջանիկ եմ, որ այդ կանչուածներուն մէջ կը գտնուիմ: Ա՛յս հոգեպարար երջանկութիւնը կը մաղթեմ քեզի:

Չմոռնանք, որ այսպէս միայն կը թեւակոխենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին եւ երանելի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին յաւիտենական իջեւանին սեմը…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 2 յունուար  2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ