Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2010 - Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կեդրոնական յանձնախումբը այցելեց Հոգեւոր Տէրը

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Երեքշաբթի, 16 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 5.30-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կեդրոնական յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն գաղութի երեք յարանուանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։

Յանձնախումբը ներկայացուց Հոգեւոր Տիրոջ յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք Մեծ Եղեռնի ձեռնարկները։ Հիմնական ձեռնարկ պիտի հանդիսանայ քայլարշաւը, որ կը մեկնի Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Պուրճ Համուտի մարզադաշտը, ուր տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք եւ գեղարուեստական յայտագիր։ Սոյն ձեռնարկին կը նախատեսուի լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններու մասնակցութիւնը։

Հոգեւոր Տէրը իր կարգին թելադրեց ներկաներուն, որ ցեղասպանութեան այս ոգեկոչումը կարեւոր մէկ առիթ հանդիսանայ Հայոց դատը լաւապէս ծանօթացնելու Լիբանանի հանրութեան։ Ան նաեւ շեշտեց թէ երիտասարդութիւնը կարեւոր մէկ տարր է, հետեւաբար այս ուղղութեամբ պէտք է զարգացնել իր մէջ ազգային գիտակցութիւնը։

Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր Տէրը նշեց թէ պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր մարտիրոսներուն շարունակելու համար մեր գոյապայքարը, եւ յայտնեց որ հայը երբեք յուսահատութիւն չի ճանչնար։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ