Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 2010 - Հայր Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի յուղարկաւորութիւնը

Պէյրութ, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2010, կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Հայր Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Արհիապատիւ եպիսկոպոսական հայրերուն եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր հօր: Արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի, խորհրդարանի նախագահի եւ վարչապետի ներկայացուցիչները, Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակ՝ Կապրիէլ Քաչիա, Պէյրութի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Հ. Գեղամ Եպս. Խաչերեան, որ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, քոյր Եկեղեցիներու եւ զանազան կազմակերութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Պետողլեան Գերապայծառի ընդհանուր կենսագրականին եւ քահանայական բեղուն գործունէութեան: Ան նշեց, որ Պետողլեան Եպիսկոպոսը առատաձեռն էր, յատուկէն սէր ունէր կարիքաւորներուն հանդէպ եւ մեծ հոգ կը տանէր քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներուն: Հանգուցեալ գերապայծառը կարեւոր դեր կատարեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, հիմնեց Զալքայի սուրբ Խաչ համալիրը եւ Գ. Հարպոյեան չորս յարկանի վարժարանը: Հոգեւոր Տէրը փակեց իր խօսքը համոզում յայտնելով թէ երջանկայիշատակ գերպայծառ հօր յիշատակը անմար պիտի մնայ շատերուն մտքին եւ սրտին մէջ:

 

Այնուհետեւ, Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան կարդաց Սուրբ Աթոռի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Պերթոնէյի, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարդինալ Սանտրէյի եւ Լիբանանի նախկին վարչապետ պրն. Նաժիպ Միքաթիի ցաւակցական հեռագիրերը՝ Հայր Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի վախճանումին
   
առիթով:

Յաւարտ յուղարկաւորութեան արարողութեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր հայրը եւ հան$ուցեալին ընտանիքը ընդունեցին ցաւակցութիւններ:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, երեկոյեան ժամը 6-ին, հանգուցեալ Պետողլեան Գերապայծառին մարմինը փոխադրուեցաւ Զմմառու միաբանական դամբարանը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ