Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2012 - Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը կ'այցելէ Ղպտի Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին

Եգիպտոս

Երկուշաբթի, 12 նոյեմբեր 2012, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա, ընկերակցութեամբ՝ Ֆրանսիսքան հայրերուն, այցելեց Ղպտի նորընտիր պապ՝ Թէոտորոս Բ.-ին, անոր շնորհաւորելու համար Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք ընտրութեան առթիւ։

Այս առթիւ, գերապայծառ տէրը խօսք մը արտասանեց, որուն մէջ շնորհաւորեց Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապը, Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ կղերն ու հաւատացեալները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց այս առթիւ Եգիպտոսի պետութիւնն ու ժողովուրդը, մաղթելով ղպտի նորընտիր պապին յաջողութիւն նոր առաքելութիւն մէջ ի սպաս Եկեղեցւոյ միութեան եւ շարունակելու համար երկխօսութեան առաքելութիւնը Եգիպտոսի քրիստոնեայ եւ իսլամ հատուածներուն միջեւ, որպէսզի ապրին համակեցութեամբ, խաղաղութեան եւ սիրոյ մէջ։

Աւարտին, Գուսա գերապայծառը ղպտի պապին նուիրեց Եգիպտահայութեան պատմութեան մասին հատորներ, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան եւ ցեղասպանութեան մասին գիրքեր։ 

Այցելութիւնը դիտեցէ'ք տեսանիւթով, հետեւեալ հասցէն այցելելով՝ 
http://www.youtube.com/watch?v=2qj5Vx_UWJk&feature=player_embedded


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ