Ուրբաթ, 9 Յունիս 2006 - Իրանի Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Լիբանանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպանը՝ Մուհամէտ Ռիտա Ռաու‎ֆ Շիպանի, ուղեկցութեամբ դեսպանատան քաղաքական խորհրդականին, Ուրբաթ, 9 Յունիս 2006ին, կէսօրէն առաջ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ եղան պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան եւ Թեմական Յանձնախումբի անդամներ:

Ն.Վ. Դեսպանը գնահատանքով խօսեցաւ Հայութեան մասին ընդհանրապէս եւ Իրանի Հայ համայնքի մասին մասնաւորաբար: Ան վստահեցուց իրանեան իշխանութիւններուն հոգատար ուշադրութեան առարկան են հայերը Իրանի մէջ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանի եւ շրջանային կացութիւնը: Դեսպանը յայտնեց որ Իրան բացուած է բոլոր համայնքներուն եւ անվերապահօրէն կը քաջալերէ Լիբանանի մէջ շարունակուող ազգային երկխօսութիւնը, զայն նկատելով բոլոր խնդիրներու լուծման ապահով միջոցը:

Ապա, Ն.Վ. Դեսպանը տեղեկացուց այն ճնշումներու մասին, որոնց ժամանակէ մը ի վեր կ‏’ենթարկուի Իրան՝ հիւլէական ուժանիւթի իր ծրագրին պատճառով հակառակ անոր այդ ծրագիրը պիտի ծառայէ միայն խաղաղ նպատակներու եւ ժողովուրդի բարօրութեան: Ան ընդգծեց ժողովուրդներու իրենց սեփական ճակատագրին տէր մնալու, ինքնավարութեան եւ անկախութեան կարեւորութիւնը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նորանշակ դեսպանը, յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերուած հոգատար ուշադրութեան համար, վստահեցնելով որ հայերուն կեցուածքը միշտ թելադրուած է իրենց գտնուած երկիրներուն գերագոյն շահերէն:




Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ