Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Տարբերութեամբ Անցեալի Ու Ներկայի Փարիսեցիներէն…


Սիրելի՛ հայր Միքայէլ, մենք կը հաւատանք, թէ Յիսուս Քրիստոս միայն Աստուած չէ, Աստուածորդի չէ եւ Աստուածամարդ չէ, ինչպէս ալ միայն Տէր չէ, Փրկիչ չէ, Վարդապետ չէ, Օրէնսդիր չէ, Քարոզիչ չէ ու Հրաշագործ չէ, այլ նաեւ Հոգեսէր ու Հոգետես է, Մարդասէր եւ Մարդաճանաչ է, Ընկերաբան ու Մարդկայնական է:

Յիսուս Քրիստոսի վերջին երկու հանգամանքները կը կազմեն սիւնակիս նիւթը, որուն ելակէտն է այսօրուան Սուրբ Աւետարանին ընթերցումը իր երեք բաժիններով (Ղկ. 17, 3-19): Գիտեմ, առեւանգուա՛ծ վարդապետ, դուն չես կրնար կարդալ, սակայն «ազատ» մեր քոյրերն ու եղբայրները կարդայի՜ն այս հատուածները…

Յիսուս` Ընկերաբա՞ն… Քրիստոս` Մարդկայնակա՞ն… Բայց, խնդրեմ, մեզի ցոյց տրուի մեր Աստուածամարդ Վարդապետէն աւելի գերազանց ընկերաբան ու աւելի անաչառ մարդկայնական մը դարերու ընթացքին…

Նոր Կտակարանէն յատկապէս չորս Աւետարանները բազմիցս կը բացայայտեն մեր Ընկերաբանին աննախընթաց տեսութիւններն ու մեր Մարդկայնականին անկրկնելի արարքները, որոնցմէ են կիրակնօրեայ երեք հատուածները:

Առաջին բաժինին մէջ Յիսուս կը պահանջէ իր հետեւորդներէն եղբայրական ներումն ու ընկերային ներողամտութիւնը, որոնց տեւական գործադրումով կիրարկողները կը տարբերին անցեալի ու ներկայի փարիսեցիներէն:

Հարազատ քրիստոսականները դատաւոր չեն ուրիշներու վրայ, այլ իրենց ներումով կ'աջակցին շրջապատին եւ աշխարհին մէջ քիչ մը աւելի նուազեցնելու չարն ու վատը, եւ ասով` թունազրկելու համակեցութեան մթնոլորտը:

Հարազատ քրիստոսականները գիտեն, թէ շրջապատին եւ աշխարհին բարելաւումը կը սկսի անձնակա՛ն սրբագրումով: Երէկ եւ այսօր փարիսեցիները կը մարտնչին չարին դէմ անէծքով ու դատապարտութեամբ, իսկ ճշմարիտ յիսուսականները վատին դէմ կը պայքարին ներումով եւ ներողամտութեամբ:

Երկրորդ բաժինին դասը կը տրուի բոլոր մարդերուն, բայց յատկապէս` բնական ջուրով եւ միւռոնով կնքուածներուն, որոնք կը կազմեն Քրիստոսի Եկեղեցիին, այսինքն` անտեսանելի Գլուխին Խորհրդական Մարմինին անդամ-անդամուհիները:

Ընկերաբանութեան եւ մարդկայնականութեան համար անգերազանցելի դասատուութիւնն է անեզր խոնարհութեան ու անափ խոնարհամտութեան, որոնց համատարած բացակայութենէն կը տառապին հասարակութիւնը, ընտանիքը, անհատը, պետութիւնը, կուսակցութիւնը, միութիւնը, համայնքը եւ Եկեղեցին:

Երանի՜, եթէ հասկնային եւ ըմբռնէինք, գործադրէին ու կիրարկէինք. «Դուք, երբ կատարէք, ինչ որ ձեզի հրամայուած է, ըսէք` «Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել, ըրինք»» (Ղկ. 17, 10):

Հրամայողն է Աստուած, որուն պարտական ենք ամէն բան: Յիսուս կը պահանջէ, որ «Աստուծոյ ծառաները» իրենց անձերուն եւ իրենց գործերուն վրայէն իրենց ակնարկներն ուղղեն միայն իրենց Արարիչ-Տիրոջ վրայ եւ ներքուստ համոզուին, թէ Աստուծոյ գործերը արարքներն են, որոնց մասին կ՛արժէ խօսիլ լոկ:

Աստուծոյ մեծագործութիւններուն այս խոր համոզումէն դժուար չէ «Աստուծոյ ծառաներուն» նախ` ըլլալ «հեզ ու խոնարհ Յիսուսի Սրտին պէս» (Մտթ. 11, 29) եւ, երկրորդ` կատարել ամենաչնչինը, զոր Տէրը կ’ուզէ անոնցմէ.«Քիչին մէջ հաւատարիմը շատին մէջ ալ հաւատարիմ է: Փոքրին մէջ անհաւատարիմը մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղկ. 16, 10):

Երրորդ բաժինին վերտառութիւնն է Յիսուսէն բուժուած «տասը բորոտները», որոնցմէ, սակայն, միայն մէկը վերադարձաւ Հրաշագործին` Անոր իր օրհներգու եւ հրապարակային երախտագիտութիւնը ցուցնելու համար.«Երեսը դէպի գետին, ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց» (Ղկ. 17, 16):

Քրիստոս մէկ կողմէն գովեց երախտապարտը եւ, միւս կողմէն, յանդիմանեց մնացեալ մաքրուած ինները, որոնց մէջ մէկը չգտնուեցաւ գալու եւ փառատրելու Տէրը:

Աստուծոյ նկատմամբ ապերախտը երախտամոռաց է մարդուն հանդէպ: Գլխագիր Առաջինին անշնորհակալասացը փոքրատառ երկրորդին անշնորհակալուն է:

«Միթէ տասն ալ չմաքրուեցա՞ն. ո՞ւր են միւս ինները»: Քրիստոսի հարցադրումը բացայայտ այպանումն է անցեալի իրողութեան, որ ներկայի իրողութիւնն է, թէ մարդկութիւնը սնանկացած է երախտագէտներէն եւ անշնորհակալուներէն:

Հակառակ որ երախտագիտութիւնը ամէնէն բնական ու գերբնական արարքներէն է, երախտապարտներուն նկատմամբ ապերախտներուն համեմատութիւնը մէկով ինն է: Եւ սակայն, մեր Աստուածային Վարդապետին ուսուցումը, արարքներո՛վ եւ խօսքերո՛վ, շատ յստակ ու պարզ է: Շնորհակալութեան մասին Անոր ըմբռնումը այս է:

Ամէն ինչի համար, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն առիթին «բոլոր բարիքներուն եւ բոլոր պարգեւներուն Լոյսի Հօր» պաշտամունք ընծայել գոհութեամբ ու գոհունակութեամբ:

Այսպէս, Քրիստոսի հետեւորդներուն հիմնական վերաբերումն է երախտապարտութիւնը, շնորհակալասացութիւնը` նկատմամբ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդուն: Այս գոհութեան ու շնորհապարտութեան խրատներն եւ արարքները բազմաթիւ են Աստուածաշունչին մէջ:

Եզրակացութիւն: Աստուածային Ընկերաբանին ու Մարդկայնականին տուած երեք այս դասերը եթէ մարդերը ընդհանրապէս եւ քրիստոնեաները մասնաւորապէս իւրացնէի՜ն ու կիրարկէի՜ն, հասարակութիւնը, ընտանիքը, անհատը, պետութիւնը, կուսակցութիւնը, միութիւնը, համայնքը եւ Եկեղեցին կ՛ըլլային շատ աւելի ընկերային, աւելի մարդավայել ու աւելի աստուածահաճոյ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 15 Դեկտեմբեր 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ