Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014 - Սրբազան Պապը եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը

 

Հռոմ

Ինչպէս տեղի կ՛ունենայ սովորաբար  Սրբազան Քահանայապետի արտասահման ուղեւորութիւններու աւարտին, Թուրքիա այցելութեան աւարտին եւս,  30 Նոյեմբերին Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատասխանած է իրեն ընկերակցող լրագրողներու հարցումներուն։ Անդրադառնալով  մերձաւոր եւ միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութեան, ան դատապարտած է  զէնքերու մաքսանենգութիւնն ու վաճառքը, ըսելով որ  պատերազմներու ետին միշտ կը թաքնուին քաղաքական,  տնտեսական եւ առեւտրական շահեր, որոնց առանցքը դրամ աստուածն է եւ ոչ թէ մարդ արարածը։ Ապա, հարցումի մը պատասխանելով, Սրբազան Քահանայապետը ընդգծած է որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը շատ կարեւոր հարց մըն է, սակայն ինք կը գիտակցի այս հարցը շրջապատող աշխարհաքաղաքական խնդիրներուն, եւ հրաւիրած է աղօթելու եւ օգնելու որպէսզի այս սահմանին բացումը իրականանայ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ