Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2013 - Այցելութիւն Լիբանանի հայ առաքելական նորընտիր առաջնորդին

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր  2013, առաւօտեան ժամը 11-ին, Արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, ընկերակցութեամբ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանի՝ ժողովրդապետ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ, այցելեցին Լիբանանի հայ Առաքելական նորընտիր առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ արքեպիսկոպոս Փանոսեանին, Պուրճ Համուտի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, անոր փոխանցելու համար Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները իր ընտրութեան առթիւ:
Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին մտերիմ զրոյց տեղի ունեցաւ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը յուզող հիմնահարցերու եւ զանոնք միասնականութեամբ դիմագրաւելու անհրաժեշտութեան մասին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ