Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2010 - Հ.Կ. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի բացման հանդիսութիւն

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

   
Կիրակի
, 28 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնին բացումը եւ այդ առիթով հանդիսութիւն` ՀԿՄ “Արարատեան” սրահին մէջ, Պէյրութ-Լիբանան: Տիկին Յակոբեան Պէյրութ կը գտնուէր Մարտ 25-էն ի վեր` հայ համայնքին հետ ծանօթանալու առաքելութեամբ:

 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի բացման արարողութեան եւ այդ առիթով տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ եղան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, երեսփոխաններ` պետական նախարար Ժան Օղասափեան, Սերժ Թուրսարգիսեան եւ Սեպուհ Գալփաքեան, նախկին նախարար Յակոբ Չուխատարեան, Պատրիարքական փոխանորդ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Զմմառու մեծաւոր հայր Միքայէլ Ծ.Վ. Մուրատեան, պետական, համայնքային, մշակութային եւ տեղեկատուական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը, որ եկած էր վկայ ըլլալու այս եզակի հաստատութեան հիմնադրութեան եւ միաժամանակ ծանօթանալու սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան մարզի ղեկավարումը ստանձնած հայրենի համար մէկ պաշտօնատարին:


Հանդիսութիւնը
սկսելէն առաջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ տիկին Յակոբեան, ընկերակցութեամբ խումբ մը հրաւիրեալներու, շրջայց կատարեցին կեդրոնին մէջ, ծանօթացան անոր կառոյցին եւ այդ առիթով իրենց բարեմաղթանքները յայտնեցին` անձնակազմի գործունէութեան յաջողութեան համար: Ապա անոնք ուղղուեցան “Արարատեան” սրահ, ուր կեդրոնի բացման նուիրուած հանդիսութիւնը մեկնարկ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներու ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքը արտասանեց նախարար Յակոբեանի ընդունելութեան կազմակերպման յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիկին Զուարթ Նաճարեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց տիկին Յակոբեանին, շեշտելով, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դռները միշտ եւ լայնօրէն բաց եղած են հայրենի պետութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ, իսկ գործակցութիւնը` անոնց միջեւ, կը տարածուի հայ կեանքին առընչուած բոլոր մարզերուն վրայ: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը պէտք է առաջնորդուի “Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, մէկ ինքնութիւն, մէկ ժառանգութիւն, մէկ պատմութիւն ու մէկ ճակատագիր” սկզբունքով: Տիկին Նաճարեան գոհունակութիւն  յայտնեց, որ այս սկզբունքի կիրարկման ծիրին մէջ, սփիւռքի նախարարը իր գործունէութեամբ իր նպաստը կը բերէ սփիւռքահայ կառոյցներուն զարգացման, համակարգման եւ ուժեղացման աշխատանքներուն£: Այս առիթով, տիկին Նաճարեան շնորհաւորեց տիկին Յակոբեանը` “Տարուայ Կին” տիտղոսին արժանացած ըլլալուն համար:

Ապա խօսք առաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ նախ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հրամանով եւ ի լուր բոլորին, յայտարարեց կեդրոնին հիմնադրութիւնը եւ ներկայացուց անոր գործունէութեան սկզբունքներն ու կառոյցը:

Կազմակերպականօրէն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը ունի աշխատանքային 6 ուղղութիւններ, որոնցմով պիտի զբաղին համապատասխան 6 գրասենեակներ`Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, Հաղորդամիջոցներու եւ Տեղեկատութեան գրասենեակ, Վիճակագրական գրասենեակ, Ծիսական ուսումնասիրութեան գրասենեակ, Հովուական գրասենեակ եւ  Քրիստոնէական ուսուցման գրասենեակ:

 
Աշխատանքային այս դաշտերուն վրայ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը քրիստոնէութիւն պիտի ապրի եւ զայն ապրեցնէ` հայ մշակոյթի պարունակին մէջ, եւ բացառապէս անոր ընդմէջէն”, ըսաւ հայր Գազանճեան, կատարելէ ետք իւրաքանչիւր գրասենեակի գործառոյթին ամփոփ նկարագրութիւնը: Ան աւելցուց. “Քրիստոնէական սկզբունքներու վրայ հիմնուած, համամարդկային փորձառութեան յենած եւ հայ մշակոյթի ամենամաքուր ակունքներէն ուժ առած` այս կեդրոնը պիտի ընթանայ յառաջ`մասնակցելու համար հայ քրիստոնէական աւանդի պաշտպանութեան գործին, եւ այդ աւանդը նոր արժէքներով հարստացնելու առաքելութեան”:

Հայր Վարդան Գազանճեան հաստատեց, որ կեդրոնը յստակ սկզբունքներ կը դաւանի, եւ պարագայական օրակարգերէ հեռու պիտի մնայ:“Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը կը զբաղի հետազօտութեամբ, իսկ հետազօտութիւնը կեդրոնի ընտրութիւնն է` նորը գտնելու նպատակով, ուղղուած`բարիին”, ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ այդ առաքելութեան մէջ կարելի է յաջողութեան հասնիլմիայն հինին ծանօթանալու եւ ժառանգուած աւանդը պահպանելու պայմանով”: Հայր Գազանճեան դիտել տուաւ, որ կեդրոնը մեկնարկ առած է այնպիսի սկզբունքներէ եւ այնպիսի գաղափարականով մը, “որ, մանաւանդ տարբեր շրջագիծերու մէջ գործի թարգմանութիւն ստանալու պարագային, կոչուած կրնայ ըլլալ մեծագոյն դերակատարութիւն ստանձնելու հայ կեանքին մէջ` ի խնդիր նոր դարաշրջանի նոր հայուն”:

Ներշնչուելով հայ մշակոյթին մէջ հսկողի ամենամեծ կերպար Նարեկացիէն, այս կեդրոնը կընտրէ հսկող դառնալ իր ընտրած աշխատանքային դաշտերուն վրայ, միշտ գիտակցելով բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրը` նման գործի համար պատրաստ եւ ատակ ըլլալու համար”, ըսաւ Հայր Գազանճեան, անդրադառնալով կեդրոնի անուանումի ընտրութեան:

Ան տեղեկացուց, որ կեդրոնը պիտի ունենայ իր հիմնադրամը եւ զօրակից-գործակիցները, եւ այս առիթով գործակցութեան հրաւէր ուղղեց բոլորին` հետապնդուած նպատակներու իրականացման ի խնդիր:

Հայր Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին, որ յանձն առաւ հանդիսապետել այս հանդիպումին, իր այդ քայլով կեդրոնին շնորհելով իր, եւ ի դէմս իրեն` Հայաստանի կառավարութեան զօրակցութիւնը` “գործի մը մէջ, որ ընդհանուրիսն է` հայրենիքին, ազգին եւ եկեղեցիին  համար ունեցած կարեւորութեամբ եւ հրատապութեամբ”, ինչպէս դիտել տուաւ ան:

 

 

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական “Կռունկ” երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի: Երգչախումբը բարձր վարպետութեամբ կատարեց “Ողջոյն քեզ Մարիամ”, “Ալագեազ աչերդ”,  “Ջաղացս մանի մանի”,  “Հաւուն հաւուն”,  “Եա Պէյրութ” եւ “Ձօն մայրենի լեզուին” երգերը, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:

 

 

Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարեց, որ Լիբանան իր այցելութեան առիթով ինք` որպէս սփիւռքի նախարար նոր զարթօնք մը կապրի, ի տես այն սիրոյն եւ ջերմութեան, զոր լիբանանահայեր ցոյց կու տան հայրենիքին հանդէպ եւ ի տես այն հայաբոյր եւ հայատրոփ մթնոլորտին, որ կը տիրէ լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Նախարարը ըսաւ, որ լիբանանահայ համայնքին հետ իր առաջին իսկ ծանօթացումը հերիք է իր կողմէ եւս հաստատելու, որ Լիբանանը սփիւռքի մայրաքաղաքն է` իր հայկական մշակութային, կրթական եւ միութեանական աշխոյժ կեանքով:

Տիկին
Յակոբեան շնորհաւորեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին հիմնադրութիւնը եւ մեծապէս գնահատեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը` ի խնդիր հայապահպանութեան: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ նորաստեղծ կեդրոնը միասին ի վիճակի են ծրագիրներ իրագործել՝  կարեւոր նպաստ բերելու համար Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեանը:

Ան շեշտեց, որ ներկայիս հայ ժողովուրդը կը գտնուի դժուարին պայքարի մէջ, որուն յաջող ելքին համար պէտք է համախմբուիլ եւ բռնցքուիլ` ի մի բերելով աշխարհի ամբողջ հայութեան կարողութիւնները: Նախարարը ըսաւ, որ հայութիւնը Սփիւռքի մէջ կը մաքառի իր ինքնութեան պահպանման համար, իսկ Հայաստանի մէջ կը տանի պետութեան ստեղծման պայքարը: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան երկու հատուածները պարտաւոր են օգնել իրարու` յաջողութեան հասնելու համար բոլոր ճակատներուն վրայ:

Տիկին Յակոբեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործը, Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի հզօրացումը համարեց հայութեան ներկայի առաջնահերթութիւնները: Ան վստահեցուց, որ հայրենի պետութիւնը անվերապահօրէն կանգնած է Սփիւռքի կողքին` Ցեղասպանութեան հարցին մէջ եւ ինք եւս պահանջատէր է արդարութեան հաստատման համար: Նախարարը աւելցուց, որ Հայաստան ամրօրէն կանգնած է Արցախի կողքին եւ երբեք պիտի չընդունի, որ հայոց աշխարհի այդ մասը անգամ մը եւս ենթակայ ըլլայ օտարի տիրապետութեան: Ան կոչ ուղղեց Սփիւռքի հայութեան կառչիլ հայրենիքին` Հայաստանին եւ բոլոր ուժերով նպաստել անոր կայացման` որպէս բարգաւաճ եւ հզօր պետութիւն, որպէս հայ ժողովուրդի հարազատ պետական տուն:


Սուրբ
Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի բացման նուիրուած հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս ՊատրիարքինՊահպանիչով”:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ