Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015 - Գահակալութեան առթիւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.ի Անդրանիկ Պատգամը

 

Պէյրութ

 

«Սիրելի hաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մինչ այս պահուս ուսերուս վրայ կը դրուի ամենածանր լուծը եկեղեցականի մը համար, թող թոյլ տրուի ինծի, որ փոխ առնեմ մեր երկնաւոր Մօր գոհաբանական երգը, զոր ան բարձրացուց երբ կ'այցելէր իր զարմուհիին, Եղիսաբեթին, որ ի մօտոյ ծնունդ պիտի տար իր Որդւոյն Կարապետին՝ Յովհաննէսին. «Իմ անձս կր փառաւորէ Տէրը եւ հոգիս կր ցնծայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովետեւ մեծամեծ բաներ ըրաւ ինծի Հզօրը»:

Այդ մեծամեծ բաներէն մին, իմ պարագայիս, այն ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնն է զոր եղբայրակիցներս, Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսները ուզեցին ինծի վստահիլ, հակառակ յառաջացած տարիքիս եւ նուաղող ֆիզիքական կարողութիւններուս:

Ոչ իմ անձնական ձիրքերուս, ո՛չ գիտութեանս, ո՛չ ալ երկարամեայ հովուական փորձառութեանս վստահելով է որ ընդունեցայ այս ծանր բեռը, այլ մտաբերելով այն աւետարանական ճշմարտութիւնը թէ Աստուած յաճախ տկարներն ու տգէտները կ'ընտրէ իր ծրագիրներր իրագործելու համար, ինչպէս կր քարոզէ Պօղոս առաքեալը:

Աստուածային նախախնամութիւնu ստէպ անսպասելի անակնկալներ կ'ընէ, շրջանցելով մարդոց իմաստութիւնն ու դատողութիւնը: Մեզի կը մնայ, Աստուածամօր օրինակով, արտաբերել Եղիցին որ մեզ ալ, իրեն նման, կր դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, իբր հլու եւ կամաւոր գործիքներ:

Մե՛ծ է, արդարեւ, խորհուրդը այն առաքելութեան զոր, անսալով իր խղճի ձայնին եւ իր լծակիցներուն հրաւէրին, եպիսկոպոս մը յանձն կ'առնէ, դառնալով Հովիւ, Ուսուցիչ եւ Սրբագործող Աստուծոյ ժողովուրդին : Ո՞վ կրնայ յաւակնիլ նման պարտականութեան մը գլուխ ելլել, եթէ իր ամբողջ ու բացարձակ վստահութիւնը չդնէ աստուածային ողորմութեան վրայ, որ կը լրացնէ մեր պակասը, կ'ուղղէ մեր թերիներր եւ կ՝ամբողջացնէ ինչ որ մենք կիսատ կը թողունք: Այս համոզումով է որ ես ալ համարձակեցայ արտասանել իմ «Այո» ս համակերպելով Աստուծոյ կամքին եւ եղբայրակիցներուս ընտրանքին:

Եկեղեցին, սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, անհատներու կոյտ մը, հաւաքածոյ մը չէ, այլ կենդանի մարմին մը, բաղկացած ապրող, շնչող ու գործող էակներէ, որոնց իւրաքանչիւրն ունի իր յատուկ տեղը, առանձին դերը, որոնք, շաղկապուելով իրարու, կը կազմեն Եկեղեցւոյ կենդանի ու գործօն կառոյցը: Ինչպէս կ'ըսէ սուրբ Պօղոս, մարմնի անդամները միեւնոյն պաշտօնը չունին, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը աւելորդ է, որովհետեւանոնք զիրար կր լրացնեն, տարբեր բայց կենսական ու անփոխարինելի դերերով:

Այս համոզումով սնած, այս տեսլականով ոգեւորուած է որ սրտիս հրաւէրը կ'ուղղեմ Հայ կաթողիկէ համայնքիս բոլոր կենսունակ տարրերուն, սկսեալ նուիրապետական դասէն մինչեւ ամենահամեստ դասակարգերը, անցնելով կղերէն եւ հասնելով համայնքիս յանձնառու անդամներուն: Ամէնքս, անխտիր, այլազան կերպերով եւ տարբեր մակարդակներով, պատասխանատու ենք Քրիստոսի Եկեղեցւոյն յարատեւ կաոուցման ու աճումին:

Մեր կաթողիկոսական առաքելութիւնն ստանձնելու այս նուիրական պահուն, ինծի համար ուրախութիւն եւ պարտականութիւն է ողջունել Հայրապետական զոյգ Աթոռները Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յանձինս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն, որոնք, մեր ընտրութեան աոաջին իսկ վայրկեանէն, հաճեցան իրենց եղբայրական ողջոյնով եւ աջակցութեան խոստումով սատար հանդիսանալ մեզի: Կ'ուզենք հաւաստիացնել զիրենք թէ մեր փոխադարձ բարի կամքով ու շինիշ տրամադրութեամբ, կը փափաքինք սերտացնել ու ամրացնել գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան զօդերը, որ անհրաժեշտ են մեր նուիրապետական Աթոռներուն հոգեւոր ու ազգային աոաքելութիւնը միշտ աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար:

Նոյն տրամադրութիւնը կր պահենք մեր հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ, որոնք, գլխաւորութեամբ մեր Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահին, Տիար Սերժ Սարգսեանին, փութացին իրենց խնդակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բացայայտել, զարգացնելու եւ արդիւնաւորելու դիտաւորութեամբ մեր միացեալ ջանքերը ի խնդիր Հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճման: Մեր մաղթանքն է որ, անոր հովանաւորութեամբ, մեր Հայրենիքր օր ըստ օրէ աւելի երջանիկ ու բարգազաճ օրեր ճանչնայ:

Վերջապէս, աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Ամենակալը, որպէսզի, աստուածային Գթութեան նուիրուած այս Յոբելինական Տարւոյն ընթացքին, ան իր գութն ու ողորմութիւնը տարածէ համայն մարդկութեան, յատուկ կերպով Հայ Ազգի զաւակներուն, եւ ի մասնաւորի այս տառապեալ քրիստոնեայ ժողովուրդին, Միջին Արեւելքի այս ալեկոծ ափերուն վրայ, որպէսզի խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը մուտք գործեն վերջապէս հոն՝ ուր քրիստոնէութիւնը իր առաջին արմատները դրաւ եւ անկից տարածուեցաւ համայն աշխարհի վրայ»:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ