Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013 - Տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը

Պէյրութ

Շաբաթ, 23 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Զմմառու միաբան տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի:
Այս առիթով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց ժողովուրդին եւ նորօծ քահանային հետեւեալ հայրապետական պատգամը:

«Արհիապատիւ Գերապայծառ  Տէր,
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հայրեր,
Յարգոյապատիւ սարկաւագներ,
Առաքինազարդ քոյրեր,
Պետրոսեան ընտանիքի հարազատներ,
Պատուարժան հաւատացեալներ,
եւ յատուկէն խօսքս քեզի է սիրելի Տէր Ղազար,

 Մեծ ուրախութիւն մըն է այսօր որ Աստուած մեզի կը շնորհէ քահանայութեան  կոչելով նոր առաքեալ մը՝ յանձին Տէր Ղազար Պետրոսեանի, Զմմառեան միաբան։
Արդարեւ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը, որ աստուածային նախախնամութեամբ հիմնուեցաւ մօտ 260 տարի առաջ հայ կաթողիկէ  Պատրիարքներու նախաձեռնութեամբ, կէտ նպատակ ունի առաքեալներ պատրաստել մեր հովուական առաքեալներ կարիքները հոգալու համար, ապահովելով առաքեալներ սակաւաթիւ կղերականներով օժտուած թեմերու, ինչպէս նաեւ եւ մանաւանդ՝ նորանոր առաքելավայրերուն մէջ հիմնելու նոր ժողովրդապետութիւններ եւ այլ եկեղեցական կառոյցներ։

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեր աղօթքները միշտ կը լսէ եւ ամէն ատեն անձնուէր եւ քաջ երիտասարդներ կ՚ընտրէ եւ կը կոչէ շարունակելու համար հայ ժողովուրդին ի նպաստ Աւետարանումի գործը, որուն հիմը դրաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը Դ. դարուն սկիզբը, եւ որ կը շարունակուի անընդհատ կերպով մինչեւ մեր օրերը։ Յիրաւի, քահանայական կոչումը յատուկ կոչ մըն է Յիսուսի կողմէ եւ ո՛չ մարդկային փափաք մը կամ ծրագիրի մը արդիւնքը։

Այս իմաստով, իր նշանաւոր «Թուղթ Ընդհանրական»ին մէջ, մեր մեծ Հայրապետը, Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, իր խօսքը կ’ուղղէ քահանաներուն ըսելով. «Այս ալ իմացէ՛ք, ձեր քահանայութեան անուանակոչումը մարդոցմէ չէ, ոչ ալ մարդու միջոցաւ, այլ՝ անկէ որ կոչուեցաւ Քահանայ, այսինքն Քրիստոս։ Ան ձեզի տուաւ իր անուան կոչումը, միաժամանակ ձեզի յանձնարարեց իր գործը, որ է հովուել իր ժողովուրդը՝ միշտ բարի գործեր սորվեցնելով եւ բարի օրինակ հանդիսանալով բոլորին»։

Տէր Ղազա՛ր, յիշէ՛ որ քահանային առաջնահերթ պարտականութիւնն է Յիսուսին գթառատ սէրը ճանչցնել ամէն մարդու, մանաւանդ անոնց որոնք սիրոյ մեծ կարիք ունին, ինչպէս աղքատները, լքուածները եւ տառապեալները, որպէսզի ամէն մարդ Յիսուսի սիրոյն մօտենայ եւ գիտնայ որ իրմով հոգացող վարդապետ մը ունի, եւ անոր սիրտը ուրախանայ։

Մի՛ մոռնար նաեւ, որ ժողովուրդին համար, քահանան Յիսուսին ներկայացուցիչն է։ Ասոր համար, պէտք է աշխատիս տեսանելի պատկերը դառնալ բարի եւ ողորմած Յիսուսի անտեսանելի ներկայութեան, ինչպէս մեզի օրինակը տուին Արսի ժողովրդապետը եւ ուրիշ բազմաթիւ սուրբ առաքեալներ։ Աւետարանիչը կը պատմէ թէ՝ օր մը, մէկ քանի հեթանոսներ Փիլիպպոս առաքեալին ըսին. «Տէ՛ր, կը փափաքինք Յիսուսը տեսնել» (Յովհ. 12,21)։ Այս նոյն փափաքը, քիչ թէ շատ, իր սրտին մէջ ունի ամէն անձ, որ կը դիմէ քահանային՝ անոր միջոցաւ Յիսուսին խօսքը լսելու՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու փափաքով, կամ զինք հասկցող մէկը գտնելու համար։
 
Երբ ժողովուրդը չի տեսներ Յիսուսին պատկերը քահանային մօտ, անոր վրայ իր վստահութիւնը կը կորսնցնէ եւ կը սկսի փնտռել Եկեղեցիէն դուրս ուրիշ առաջնորդներ եւ հետեւիլ ուրիշ սկզբունքներուն, որոնք աշխարհիկ լուծումներ կը հրամցնեն մարդոց, եւ որոնք չեն ուղղէր դէպի ճշմարտութիւն եւ սրտի խաղաղութիւն, այլ՝ կ΄ուղղեն սխալ միջոցներու, Քրիստոսէն հեռու:
 
Վերջերս, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս նորընտիր Սրբ. Քահանայապետը շեշտեց հետեւեալ կէտին վրայ, որ իշխանութիւնը, յատկապէս եկեղեցւոյ մէջ, ծառայութիւն պէտք է ըլլայ, մանաւանդ տկարներուն հանդէպ: Արդէն, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրած էր, ըսելով. ,Ով որ մեծն է՝ թող ըլլայ ամենէն պզտիկին պէս եւ առաջնորդը՝ ամենուն ծառանե (Ղկ 22, 26), որովհետեւ անոնք առաջին տեղերը կը փնտռէին:

Քահանան պէտք է ժուժկալ եւ սակաւապետ կեանք ունենայ, անջատուած մարդկային երեւոյթներէն եւ հանգստաւէտ կեանքէ, Աստուծոյ առաջին տեղը տալու համար իր առօրեային մէջ: Երբ ներկայ Սրբազան Պապը կ΄ըսէ. «Կը փափաքիմ որ Եկեղեցին աղքատ ըլլայ՝ աղքատներուն ծառայելու համար», կ΄ուզէ ըսել աղքատ ըլլալ դրամով եւ հանգստաւէտ միջոցներով, որպէսզի հարուստ ըլլանք Յիսուսի վրայ մեր հաւատքով:
 
Քահանայական միասնականութեան ոգին անհրաժեշտ է յաջող առաքելութեան համար՝ քահանաները սիրով եւ համագործակցութեամբ իրարու հետ եւ անոնց Առաջնորդին հետ: Հոն է որ քահանան իր քահանայական եղբայրական միութիւնը կ΄ապրի, որ ուրախութիւն կը պատճառէ, համագործագցութիւնը աւելի հեշտ կը դարձնէ, եւ բարի օրինակ կը հանդիսանայ հաւատացեալներուն:

Քահանան աղօթքի մարդ պէտք է ըլլայ, այսինքն պարտի նախ եւ առաջ Յիսուսին դիմել որեւէ գործ մը կատարելէ առաջ, որպէսզի այդ գործը օրհնուած եւ արդիւնաբեր ըլլայ, եւ  կատարուի Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ միմիայն Անոր փառքին համար։ Քահանան որ իր օրը աղօթքով կը սկսի եւ Յիսուսին հետ ամփոփումի պահ մը կ՚անցնէ, կը յաջողի գործին նախընտրութիւնները աւելի լաւ դասաւորել։ Ան շուտով կ՚անդրադառնայ, որ կարգ մը անհրաժեշտ համարուած գործեր՝ այդքան ալ օգտակար չեն եկեղեցական գործին համար։ Այսպէս, քահանան ժամանակ կը խնայէ՝ իր ժողովուրդին բազմաթիւ ծառայութիւններուն  պարապելու համար։

Քահանային կարեւորագոյն մտահոգութիւններէն մին պիտի ըլլայ կոչումներուն հարցը, որովհետեւ մեր Եկեղեցիին հովուական կարիքները այդքան շատ են, որ ներկայ քահանաները ամբաւարար են ընդառաջելու մեր հաւատացեալներու բոլոր կարիքներուն: Ընտանիքներէն կը խնդրեմ ըսելով՝ աղօթեցէք եւ ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք յաճախ աղօթել կոչումներուն համար, քանի Յիսուս կը պատուիրէ ըսելով. «Աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մտթ. 9, 38)։

Ջերմագին մաղթանքներս կը յայտնեմ Զմմառեան Պատրիարքական Միաբանութեան՝ Զմմառու Վանքի մեծաւոր Գերապայծառին, յարգոյ վարչութեան եւ բոլոր Զմմառեան միաբաններուն, որոնք կը գործեն աշխարհին չորս կողմը։ Տիրոջմէ կը հայցեմ, որ օրհնէ այս աստուածահաճոյ Միաբանութիւնը, զայն ճոխացնէ նորանոր անդամներով, եւ զանոնք օժտէ յարաճուն եռանդով ու նուիրումով:

Նոյնպէս, կը շնորհաւորեմ Պետրոսեան ընտանիքը եւ բոլոր ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները ուրախութեամբ Աստուծոյ կը նուիրեն՝ Յիսուսի Խօսքը քարոզելու համար։ Անոնք Աստուծմէ յատուկ օրհնութիւն պիտի ընդունին։

Սիրելիներ, խօսքս կը փակեմ ձեզմէ խնդրելով, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք նաեւ ձեր առաջնորդները ու զօրաւիգ կանգնիք ձեր հոգեւոր հովիւներուն, եւ յատուկէն՝ Տէր Ղազարին, որպէսզի արդիւնաշատ առաքելութիւն կատարեն Յիսուսի սրտին համաձայն։

Տէր Ղազա՛ր, թո՛ղ Երանելի Կոմիտաս քահանան եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նահատակները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր սուրբերը, բարեխօս ըլլան քեզի համար Աստուծոյ առջեւ եւ քեզ սրբութեան առաջնորդեն. Ամէն»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ