Չորեքշաբթի, 11 Յուլիս 2007 - Շրջապտոյտ Դէպի Նիկիա

 

 
Պոլիս, Թուրքիա

Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս 2007ին,  Արհի. Գէորգ Արք.Խազումեանի առաջնորդութեամբ, շրջապտոյտ մը կազմակերպուած էր դէպի դարաւոր Նիկիա քաղաքը:

Շրջապտոյտին մասնակցեցան Սթոքհոլմի հոգեւոր հովիւ՝ Գրիգոր Վրդ. Շահինեան եւ Պոլսոյ Անարատ Յղութեան քոյրերէն՝ քոյր Այտա Ալաճեան:
 


Մէկ օր այցելելէ ետք այս պատմական քաղաքը, Արհի. Հայրը իր ընկերակիցներուն հետ միասին մեկնեցաւ դէպի Պուրսա իսկ յետոյ վերադարձաւ Պոլիս:

Նիկիա քրիստոնէական կարեւոր կեդրոններէն մին է, որովհետեւ այնտեղ գումարուած է երկու Տիեզերական Ժողովները 325ին եւ 787ին:

Այս պատճառով Վատիկանի վերջին ժողովը որոշեց Նիկիա քաղքաը, Երուսաղեմէն եւ Վատիկանէն ետք ճանչցուի որպէս երրորդ սուրբ քաղաքը: Այնտեղ՝ Ս. ՍոՖիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հռչակումը մեր քրիստոնէական հաւատքին, Արիոսի հերետիկոսութեան, Քրիստոսի աստուածութեան եւ աստուածամայրութեան Ս. Կոյսին:

300 եպիսկոպոսներու շարքին, այս ժողովին մասնակցեր էին Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի երկու որդիները, Արիստակէս եւ Վրթանէս:

Նիկիոյ երկրորդ Տիեզերական Ժողովին՝ մասնակցող հայրապետներուն թիւը կը հաշուէր 367. անոնք սրբանկարներու հարցին վերաբերեալ ոչ մէկ հակասական աստուածաբանական հարց գտած էին եւ թոյլատրած էին որ եկեղեցական եւ սուրբերու նկարները գործածուին, խորհրդանշելու եւ յիշատակելու համար Յիսուսի, Տիրամօր, սուրբերուն եւ հրեշտակներուն ներկայութիւնը:     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ