Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2014 - Յուղարկաւորութիւն եւ թաղում հայր Ռաֆայէլ վրդ. Անտոնեանի Վենետիկի մէջ

Մխիթարեան ուխտէն հայր Ռաֆայէլ վրդ. Անտոնեան վախճանեցաւ 6 ապրիլ 2014-ին,  Պոսթոն, ուր քսան տարի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հովուական առաքելութիւնը կատարած էր ու ամբողջական նուիրումով ծառայած:

Հանգուցեալի փափաքին համաձայն, անոր մարմինը փոխադրուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանք՝ Սուրբ Ղազար, Վենետիկ, ուր կատարուեցաւ թաղման արարողութիւնը  3 մայիս 2014-ին, եւ  թաղուեցաւ իր եղբայրակիցներուն մօտ:  Յուղարկաւորութիւնը կատարեց Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանրական Աբբահայր` գերապայծառ հայր Եղիա ծ.վ. Քիլաղպեանը: Հռոմէն ներկայ էին՝ գերապայծառ հայր Գէորգ  թ.ծ.վ. Նորատունկեանը, գերյարգելի հայր Լեւոն ծ.վ. Զէքիեանը, Միլանոյի հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ հայր Թովմա Խաչատրեան, հանգուցեալին քոյրը եւ միաբան հայրերը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ