Երկուշաբթի, 27 Օգոստոս 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հոգեկա՛ն Ու Մարմնակա՛ն Յաւերժութեան Արժանի Ըլլալու Համար…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, «Հայոց խնկելի Աստուածածին»-ի վերափոխման տօնին սրբագեղ մթնոլորտին մէջ ենք տակաւին, որուն մէջ կը ներշնչենք եւ կ'արտաշնչենք այս երկու ճշմարտութիւնները, որոնց չենք  անդրադառնար մեր ամէնօրեայ հեւքին ու ժխորին մէջ:
Եւ սակայն, այս ճշմարտութիւնները այնքա՛ն էական են մեր երջանկութեան եւ անմահութեան համար: Ուստի, միշտ կ'արժէ խօսիլ ու լսել, գրել եւ կարդալ անոնց մասին:
Առաջին պարզ ճշմարտութիւնն այն է, որ Մարիամ Տիրամայրը ոչ միայն հոգիով ու մարմնով վերացաւ երկինք, այլ նաեւ լուսակերպ հոգիով ու մարմնով «երէկ, այսօր, վաղը եւ յաւիտեանս» կ'ապրի արքայութեան մէջ:
Երկրորդ պարզ ճշմարտութիւնն այն է, որ Տիրամօր վերափոխումը թէ՛ երաշխիք է, եւ թէ յիշեցումն է մեր հոգիին ու մարմնին պայծառակերպ գոյատեւման Աստուծոյ սիրոյն եւ յաւերժութեան մէջ` Յիսուսի ու Մարիամի հետ:
Այդ ցանկալի ու հասանելի գոյատեւումը, սակայն, ունի իր նախապայմանները` մեզմէ գործադրուելիք առաքինութիւնները, որոնցմէ ոմանց առկայութիւնը կը մատնանշէ այսօր կարդացուած աստուածաշնչական հատուածը (Ղկ. 1, 38-49):
Գաբրիէլ հրեշտակապետին Նազարէթի Կոյսը յայտնեց իր ամբողջական համակերպումը Աստուծոյ կամքին ու ծրագիրին. «Ես Տիրոջ Աղախինն եմ. թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1, 38):
Մեծերու, կտրիճներու, այո՛, սուրբերու կեցուածքն է այս, որուն իւրացումը կը սպասուի մեզմէ, եթէ կ'ուզենք մեծ, կտրիճ, այո՛, սուրբ ըլլալ…: Մարդասէր Աստուծոյ բարերար կամքը գործադրելը մեր ազնուացումն է, մեր բարձրացումն է, մեր անմահացումն է. «Աստուծոյ կամքը կատարողը կը մնայ յաւիտեան» (1 Յվհ. 2, 17):
Աւետաբերէն իմանալով իր ծերունի ազգականին` Եղիսաբէթին շատ յապաղած յղութիւնը`  Մարիամ «փութով» մեկնեցաւ անոր` օգնութեան հասնելու համար:
Մեր աստուածասիրութիւնը կը նախապայմանուի մեր եղբայրասիրութեամբ. «Ասով կը զանազանուին իրարմէ Աստուծոյ զաւակներն ու սատանային զաւակները: Ով որ արդարութիւնը չի գործադրեր, Աստուծմէ չէ, եւ ո՛չ ալ այն անձը, որ չի սիրեր իր եղբայրը» (1 Յվհ. 3, 10):
Մեր եղբայրասիրութիւնն ալ կը նախապայմանուի մեր գործնականութեամբ. «Մենք ասով ճանչցանք Սէրը, որ Ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար: Պարտինք, ուրեմն, մենք ալ տալ մեր կեանքը մեր եղբայրներուն համար:
Մէկը, որ աշխարհի բարիքները կը վայելէ եւ կը տեսնէ իր եղբայրը կարօտութեան մէջ, բայց իր գութի դռները կը փակէ անոր առջեւ, Աստուծոյ սէրը ինչպէ՞ս պիտի բնակի անոր մէջ…:
Զաւակնե՛ր, չսիրենք միայն խօսքով ու լեզուով, այլ նաեւ գործով եւ իրողութեամբ: Ասով պիտի գիտնանք, թէ մենք ճշմարտութեան զաւակներ ենք եւ Անոր առջեւ պիտի խաղաղեցնենք մեր սրտերը» (1 Յվհ. 3, 16-19):
Մարիամ փաստեց իր աստուածասիրութիւնը իր եղբայրասիրութեամբ եւ իր եղբայրասիրութիւնը` իր գործնականութեամբ, երբ երեք ամիս ծառայեց եւ օգտակար եղաւ տարիքոտ ծննդաբերողին:
Նո՛յն հոգին, նո՛յն յօժարութիւնը եւ նո՛յն արարքը կը պահանջուին մեզմէ, եթէ «գիտենք, որ մենք մահէն անցած ենք կեանքին, որովհետեւ կը սիրենք մեր եղբայրները» (1 Յվհ. 3, 14):
Եղիսաբէթ ո՛չ միայն իր այցելուհին օրհնեց եւ հռչակեց, այլ նաեւ Աստուծոյ կամքին անոր համակերպումէն դիպած ու յաջորդած նորահրաշ իրողութիւնը.«Դուն օրհնուած ես բոլոր կիներուն մէջ, եւ օրհնուած է քու  արգանդիդ Պտուղը» (Ղկ. 1,42):
Մեր շրջապատին մէջ հարազատին, մերձաւորին, դրացիին ու գործընկերոջ մասին լաւ եւ բարի պիտի խօսինք, ինչպէս ալ անոր դրական աշխատանքն ու կենցաղը պիտի գովենք, որովհետեւ սէրն, ընդհանրապէս, եղբայրասէրը, մասնաւորապէս, ոչ միայն «չի՛ նախանձիր ու չի՛ չարախօսեր», այլ նաեւ «կ՛արդարացնէ ամէն բան», քանի «սեփական շահը չի փնտռեր» եւ «անիրաւութեան մէջ չի՛ հրճուիր» (կարդալ 1 Կոր. 13, 1-13):
Համակերպող ու հաւատացող Մարիամի ընդմէջէն` Եղիսաբէթ դրուատեց եւ երանեց այն բոլոր անձերը, որոնք կը հաւատան, թէ «պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրենց ըսուած խօսքերը» (Ղկ. 1, 45):
Տիրոջ խօսքը մեզի կը տրուի Աստուածաշունչէն, զոր կարդալու ենք ամէն օր, եւ կիրակնօրեայ քարոզէն, որուն հաւատարիմ ունկնդրումէն կը սորվինք թէ՛ բնական, ու թէ՛ գերբնական առաքինութիւնները…: Մեզի կը տրուի ուղեգիծը դէպի յաւերժութիւնը…:
Վերջապէս, Աստուծոյ յաւիտենականութեան մէջ մեր ցանկալի ու հասանելի գոյատեւումին նախապայմաններէն` մեզմէ գործադրուելիք առաքինութիւններէն մին է աղօ՛թքը, աղօթե՛լը:
Հոս, այցելող Քրիստոսակիրը մեզի կը սորվեցնէ փառատրական աղօթքը, որ կը հրճուեցնէ, կը թեթեւցնէ եւ կ՛անդորրացնէ զայն կատարողը:
Մեր աղօթքը ամէն բանէն առաջ ըլլալու է գովերգութիւն եւ սիրերգութիւն Անոր հասցէին, որուն «Անունը սուրբ է», քանի Ան` «Հզօրը մեծ սքանչելիքներ ըրաւ» ո՛չ միայն Մարիամին (Ղկ. 1, 49), այլ նաեւ ըրաւ ու կ՛ընէ մեզի…:
 
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ