Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2012 - Հայաստանի անկախութեան տօնի նշում Հռոմի մէջ


Հռոմ

Կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012, Հռոմահայութիւնը տօնեց Հայաստանի հանրապետութեան անկախութիւնը, որ սկիզբ առաւ հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագով, «Սուրբ Նիկողայոս» անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ։
Ներկայ էին, մեծ թիւով հայեր ու իտալացի բարեկամներ, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհին ու միաբանակից քոյրերը, ու Տիկին Անահիտ Սիրունեան, որ կը ներկայացնէր Հ Հ դեսպանութիւնը ։
Սուրբ Զոհը մատոյց եւ քարոզեց Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսուչ գերապատիւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր խօսքին մէջ նաեւ շնորհաւորելով հայ ժողովուրդն ու պետականութիւնը հանրապետութեան տօնին առթիւ ու մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում հայրենիքին, ըսաւ. «Հայաստանի իսկական անկախութիւնը կը տօնենք երբ մեր խորհրդանիշը եղող վայրէն «Արարատի գագաթէն» տեսնենք ու վայելենք մեր հայրենիքին գեղեցկութիւնը»։
Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու եւ Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորաց երգչախումբը։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին տեղի ունեցաւ տօնակատարութեան երկրորդ մասը:
Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի փոխ նախագահ՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան ողջունեց ներկաները ապա հրաւիրեց Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորներէն եղբ. Խաչիկ Սայեղը սրտի խօսքը արտասանելու ընդ Մայր Հայրենիքի: Ան ըսաւ. «Մեր հայ ազգի աչքին լոյսը մկրտութեան սուրբ ջուրն է իսկ իր ինքնութիւնը՝ Սուրբ միւռոնը: Հայ Ազգը առանց խաչի, կը նմանի դիակի մը, որուն փոխանակ շնչող էակ կոչելու, պարզապէս կը կոչենք դիակ»: Ան աւելցուց. «Մեր հայրենիք, ազատ ու անկախ որ քու ազատութիւնդ կը կայանայ քու ազգիդ մէջ իսկ քու անկախութիւնդ՝ քու Քրիստոնէական կրօնքիդ մէջ, որովհետեւ ինչպէս Հրէայ ժողովուրդը կոչուած է Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը, նոյնպէս ալ Հայ ազգը ընտրուած է որպէսզի կրէ Քրիստոսի խաչը՝ թեթեւցնելու Անոր  բեռն ու չարչարանքները»:

Ապա խօսք առաւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդէն Տիար Էմմանուէլ Ալիպրանտի, որ նախ հրաւիրեց ներկաները յոտընկայս մէկ վայրկեան յարգելու յիշատակը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին, շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ, ու յայտնեց թէ այսօրուան հանդիպումով նաեւ սկիզբ կ'առնէ Հռոմի Հայ Համայնքի 2012-2013 տարեշրջանի գործունութիւնները, խօսելով նոր ձեռնարկներուն ու ծրագիրներուն մասին։

Հուսկ՝ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորը գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վրդ. Նորատունկեան իր խօսքին մէջ ըսաւ յատկապէս. «Հայ ազգը երկար սպասումէ եւ զոհողութիւններէ ետք յաջողեցաւ իր Անկախութիւնը ստանալ, սակայն ցաւօք սրտի կը նշմարենք հայորդիներու արտագաղթը, մեծ յոյսերով, դէպի Եւրոպա, ԱՄՆ եւ այլուր, սակայն դժբախտաբար շատ անգամ անոնք կը հանդիպին այլազան դժուարութիւններու, ապրելով օտարութիւն եւ անապահով վիճակ»։
Ան մաղթեց, որ նոր սերունդը մնայ հայրենիքին մէջ, եւ սատարէ հայրենիքի բարգաւաճման փոխանակ օտարութեան դառն բաժակը ըմպելու։ Հայր Գէորգ նաեւ կոչ ուղղեց սփիւռքահայերուն որ շարունակեն սատարել հայրենիքի բարգաւաճման։
Հուսկ՝ Տիար Աթթարեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները Լեւոնեան վարժարանի բակը ու պատրաստուած էր հայկական համադամներ եւ ճաշեր։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը աւելի ճոխացուցին ազգային ու ժողովրդական երգերը, բաժակ բարձրացնելով «կենաց հայերու ու հայ հերոսներու յիշատակին»...:

Նշենք թէ՝ Միլանոյի հայերը եւս նշեցին ՀՀ անկախութեան տօնը, սուրբ Պատարագով Միլանոյի «Սրբոց Քառասնից Մանկանց» նուիրուած հայոց եկեղեցւոյ մէջ։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=624025

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ