Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2010 - Հայր Անտոն վ. Սարոյեան այցելեց կայքէջիս տնօրէնութիւնը

 

Պէյրութ

Այսօր, 20 սեպտեմբերի առաւօտեան, հայր Անտոն վ. Սարոյեան այցելեց կայքէջիս տնօրէնութիւնը յետ այցելութեան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, որ ունկնդրութիւն շնորհած էր վարդապետին իր 12 տարուան Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին ծառայութենէն ետք, Տիթրոիթի եւ Լոս Անճելոս Կլենտեյլի մէջ: Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ հայրական ընդունելութեան ընթացքին, ըսաւ ան, խօսուեցաւ իր ապագայի առաքելութեան մասին:

Սարոյեան վարդապետ յաջողութիւն մաղթեց կայքէջիս տնօրէնութեանը, շնորհաւորեց սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին բացումը, եւ  նշելով թէ շատեր կը հետեւին պատրիարքութեան կայքէջին, ներկայացուց կայքէջիս քարտուղարութեան արդիականացման համար գործնական առաջարկներ, որոնց համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր եւ բարի առաքելութիւն կը մաղթենք:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ