Շաբաթ, 2 Յունիս 2007 - Հոգեգալստեան Տօնը Գատըքէօյի Ս. Լեւոն Եկեղեցւոյ Մէջ

 

Պոլիս, Թուրքիա

 
Կիրակի, 27 Մայիս 2007ին, հոգեգալստեան տօնը մեծ հանդիսութեամբ նշուեացաւ Գատըքէօյի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ:
 


Ժողովրդապետը եւ թաղականները իրենց կարելին ըրած էին յաջողցնելու համար այս տօնակատարութիւնը:

Հանդինսութինը սկսաւ ձայնաւոր պատարագով, որուն հանդիսադիրն էր Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան, իբր առընթերակայ ունենալով Գեր. Գասբար Վրդ. Պէյլերեան եւ Յակոբ սարկ. Մինասեան:

Երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան եկեղեցւոյ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Պրն. Լեւոն Էրոյեանի:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ ճաշ մը, որուն մասնակցեցան Ս.Լեւոն եկեղեցւոյ ժողովրդապոտութեան հաւատացեալները եւ համայնքէն ներկայացուցիչներ:

Գատըքէօյ բարեփոխուած անունն է Քաղկեդոն բիւզանդական հին քաղաքին, ուր 451 թուին տեղի ունեցաւ Քաղկեդոնի Դ. Տիեզերական ժողովը, նախագահութեամբ Լեւոն Մեծն Քահանայապետին, որ դատապարտեց Եւդիսի մոլորութիւնը եւ ընդունեց Քրիստոսի մէջ երկու կատարեալ բնութիւն մէտ անձի մէջ, ինչպէս նաեւ գերակայութիւնը Ս. Պետրոսի եւ անոր գլխաւորութիւնը:

Այս մեծ քահանայապետին անունով է որ շինուած է Գատըքէօյի Հայ Կաթողիկէ նոր եկեղեցին 1911ին, կառուցուած 1890էն մնացած հին եկեղեցւոյ մը վրայ:

 

 

 

   

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 
  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ