Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Հայր Գոլվենպախին

 

Պէյրութ

 

 Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ երկուշաբթի,  17 նոյեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ուղեկցութեամբ տէր Ռաֆֆի Քահանայ Յովհաննէսեանի, այցելեց Յիսուսեան Միաբանութեան նախկին մեծաւոր հայր Գոլվընպախին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախկին մեծաւորին ներկայացուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի երկերուն Ֆրանսերէն թարգմանութեան նորատիպ հատորին մէկ օրինակը: Ապա տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում: Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց մեծ հոգեւորականին հայասիրութիւնն ու հայգիտութիւնը եւ անոր կատարած աշխատանքները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ