Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Համբարձումը` Մշտատեւ Ներկայութիւնը «Ե՛ս Եմ»-ին…


Սիրելի՛ ընթերցող, վերջին կիրակնօրեայ խօսքիս վերտառութիւնն էր «Ե՛ս եմ», զոր կրնար ու կրցաւ արտաբերել եւ պարտադրել Յիսուս Քրիստոս լոկ, քանի միայն Ինք էր եւ Ինք է Մարդու Որդին, Աստուածամարդը, Աստուածորդին, Որդին` Երկրորդ Անձը Սուրբ Երրորդութեան:

Աստուածային գիտակցութեան, երկնատուր իրաւասութեան, բացարձակ ազդեցութեան եւ աստուածամարդկային համարձակութեան փաստային դրսեւորումներն են յաջորդ խօսքերը մեր Տիրոջ ու Վարդապետին, որ` «կը սորվեցնէր իշխանութիւն ունեցողի պէս» (Մտթ. 7, 28-29), «քանի հեղինակութեամբ կը խօսէր» (Ղկ. 4, 31-32):

«Ես Հօր մէջ եմ եւ Հայրը` Իմ մէջս» (Յվհ. 14, 10):

«Հայրը եւ Ես ՄԷԿ ենք» (Յվհ. 10, 30):

«Ով որ կը ծառայէ Ինծի, իմ Հայրս պիտի պատուէ զայն» (Յվհ. 12, 26):

«Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնն ու Կեանքը» (Յվհ. 14, 5):

«Ես իսկ եմ Յարութիւնն ու Կեանքը» (Յվհ. 11, 25):

«Ես եկայ, որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (Յվհ. 10, 10):

«Ես եմ քաջ Հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս եւ ոչխարներս կը ճանչնան Զիս, ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ Զիս եւ Ես կը ճանչնամ Հայրը, ու կեանքս կը զոհեմ իմ ոչխարներուս համար» (Յվհ. 10, 14-15):

«Եթէ մէկը ծարաւի է, թող Ինծի գայ եւ թող խմէ: Ան, որ Ինծի կը հաւատայ, անոր ծոցէն պիտի հոսին գետեր կենսատու ջուրին» (Յվհ. 7, 37-38):

«Եկէ՛ք Ինծի դուք բոլորդ` վաստակեալնե՜ր ու բեռնաւորնե՜ր, եւ Ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ» (Մտթ. 11, 28):

Ի՞նչ «կրօնի» ո՛ր հիմնադիրը կրցաւ այսպէս խօսիլ… Ո՛չ մէկը: Որովհետեւ այդ բոլոր հիմնադիրները կամ այդ յորջորջեալ «առաքեալ»-ները թերի, մեղաւոր ու մահկանացու արարածներն էին լոկ, որոնք մեռան եւ փոշիացան:

Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ հովերուն հրամայել, ծովերը հանդարտեցնել, հազարաւորները կերակրել, հիւանդները բուժել, մեռելները յարուցանել ու բազմապիսի հրաշքներ գործել, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս գործեց: Ո՛չ մէկը:

Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ ունենալ մտքի անկախութիւնը, կամքի ազատութիւնը, հոգիի կորովը, բարոյականի բացարձակութիւնը, սիրոյ ուժականութիւնը, ընկերասիրութեան գործնականութիւնն ու մարդկայնականութեան գերազանցութիւնը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ունեցաւ եւ գործադրեց: Ո՛չ մէկը:

Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ չարչարուիլ, խաչուիլ ու մեռնիլ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ ու մեռաւ: Ո՛չ մէկը:

Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ թաղուիլ, յառնել ու համբառնալ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ ու համբարձաւ: Ո՛չ մէկը:

Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ երկինքէն իջնել, մարմնանալ եւ ապա երկինքը վերադառնալ, վերանալ մարմնով ու հոգիով, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս երկնքէն իջաւ, մարմնացաւ եւ ապա երկինքը վերադարձաւ, վերացաւ մարմնով ու հոգիով: Ո՛չ մէկը:

Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ բազմիլ տիեզերքին մէջ, ինչպէս «Ինքը` յարուցեալ Տէր Յիսուս, առաքեալներուն այսպէս խօսելէն ետք, համբարձաւ երկինք եւ նստաւ Աստուծոյ աջ կողմը» (Մրկ. 16, 19): Ո՛չ մէկը:

Հինգշաբթի, մայիս 29-ին տօնեցինք «Համբարձումն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», որուն «Յինանց»-ի տասնօրեակին մէջ տակաւին ըլլալով` կը մտաբերենք աստուածաշնչական այս սահմանումը. «Յիսուս Քրիստոս` երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեան» (Եբր. 13, 8): Սուրբգրային սահմանումին մեր մտաբերումով կ՛ուզենք դաւանիլ եօթը ճշմարտութիւններ, որոնք նոյնպէս աստուածաշնչական են:

Առաջին ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յարուցեալին համբարձումը պատմական իրողութիւն է, որուն պատահումը նկարագրեցին արժանահաւատ վկաներ (Մրկ. 16,19. Ղկ. 24,50-53): Դէպքին մանրամասնութեան հեղինակն է Սուրբ Ղուկաս (Գ. Առ. 1, 3-14):

Երկրորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յիսուսի հոգիով ու մարմնով համբարձումը նախատիպը եւ երաշխիքն է Աստուծոյ շնորհքին ու բարեկամութեան մէջ ննջած մկրտեալներու հոգիին եւ մարմնին անմահական կեանքին (1Կոր. 15, 1-58):

Երրորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ ինչպէս խաչեալ Տիրոջ յարութիւնը մեր յոյսն է, այսպէս ալ յարուցեալ Տիրոջ համբարձումը մեր փառաւորութիւնն է (Յվհ. 14, 1-4):

Չորրորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յիսուսի համբարձումը նախերգանքն էր Աստուած Սուրբ Հոգիին գալուստին առաքեալներուն եւ աշակերտներուն վրայ. «Լաւ է ձեզի համար, որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ, Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի: Իսկ եթէ երթամ, Զինք պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յվհ. 16, 7):

Հինգերորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Քրիստոսի համբարձումը կազմեց նախապայմանը Սուրբ Եկեղեցիին ճանապարհին համար «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գ. Առ. 1, 8):

Վեցերորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յիսուսի համբարձումը ստոյգ երաշխաւորութիւնն է Դատաւոր-Թագաւորին երկրորդ գալուստին. «Ո՜վ գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցած` կը նայիք դէպի երկինք: Այս Յիսուսը, որ ձեզմէ վերացաւ դէպի երկինք, պիտի գայ նոյնպէս, ինչպէս տեսաք Զինք, որ գնաց երկինք» (Գ.Առ. 1, 11):

Եօթներորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Քրիստոսի համբարձումը մեզի հետ մշտատեւ ներկայութիւնն է «Ե՛ս եմ»-ին, որ հրաժեշտի պահուն խոստացաւ իրեններուն. «Ահաւասիկ, Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ կատարածն աշխարհին» (Մտթ. 28, 20):

Եզրակացութիւն: Յարուցեալին համբարձումը այն բաժանումն էր, որ յառաջացուց դեռ աւելի մերձաւորութիւն ու տեւական ներկայութիւն Արարիչին եւ արարածին միջեւ: Խաչեալին, Յարուցեալին ու իր համբարձումով` երէկ եւ այսօր Փառաւորեալին գործօն մօտաւորութիւնն ապրեցան ոչ միայն առաքեալներն ու աշակերտները (Պետրոս, Պօղոս, Ստեփանոս), այլ նաեւ առաջին քրիստոնեաները` հրէական ատեաններուն եւ հռոմէական կրկէսներուն մէջ, դարերու ընթացքին հաւատաւորներն ու վկաները, ինչպէս ալ` 451-ի Աւարայրի կտրիճները, «փափկասուն տիկինները», 1915-ի Հայասպանութեան նահատակներն ու 1990-ի Սումկայիթի անմեղները` միշտ ունկնդրելով եւ հաւատալով Անոր, որուն ձայնը արձագանգեց ու կ՛արձագանգէ դարերու մէջէն. «Երբ Ես բարձրանամ ու վերանամ, այն ատեն Ինծի պիտի քաշեմ բոլոր մարդերը» (Յվհ. 12, 32):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 1 յունիս 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ