Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2012 - Թուրքիա Վանի Վարագայ վանքը պիտի վերանորոգէ եւ թանգարանի վերածէ


Թուրքիա

 «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Վանի նահանգապետը որոշած է վերանորոգել Վարագայ վանքը:

«Ակօս»-ի աղբիւրներուն հաւաստումով,  նահանգապետարանը արդէն պատրաստած է վանքի վերակառուցման նախագիծը, իսկ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատած է պիւտճէն:
Նահանգապետարանի պաշտօնեաները վանական համալիրի վերջնական ուսումնասիրութենէն ետք կը պատրաստուին կապուիլ Ալթայլը ընտանիքին հետ, որ եկեղեցւոյ «սեփականատէր»-ը կը նկատուի եւ սկսած է անոնց հետ բանակցութիւններ վարել:

Եթէ ամէն ինչ այս ձեւով ընթանայ` Վարագայ վանքի վանական համալիրը Աղթամարի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ նման պիտի վերածուի թանգարանի եւ պիտի մնայ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան վերահսկողութեան տակ:
Յիշեցնենք, որ վերջերս վանական համալիրին շուրջ Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած էր: Ի յայտ եկած էր, որ փլուզման վտանգին առջեւ կանգնած եկեղեցին վերանորոգել կարելի չէ, որովհետեւ անիկա անձնական սեփականութիւն կը նկատուի եւ կը պատկանի «Հապերթիւրք»-ի խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին:

Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած են բազմաթիւ բողոքի ցոյցեր, որոնցմէ ետք ան համաձայնած էր համայնքին կամ նախարարութեան վերադարձնել եկեղեցին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ