Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2008 - Հայրապետական Պատգամ Մայիս Ամսուայ Ջերմեռանդութեան Փակման Առիթով

Զմմառ, Լիբանան

 
Յոյժ սիրելի եղբայրներ, քոյրեր եւ ուխտաւորներ,
Սիրեցեալ ապագայ քահանաներ,

Ամէն տարի կը կատարենք այս արարողութիւնը ի պատիւ Աստուածամօր՝ Մայիս ամսուայ վերջին կիրակին: Այսօր է նաեւ տարեկան Ուխտագնացութեան Օրը Զմմառու Վերափոխման վանքը՝ մեր համայնքի զաւակներուն համար:
Ինչպէս գիտէք ուխտագնացութիւնը նուիրական օր մըն է պատասխանելու համար Յիսուսի հետեւեալ հարցումին. «Ի՞նչ կÿուզես կատարել քու կեանքիդ մէջ»: Իրենց ապագային իմաստ տալու դիտումով, ոմանք կը պատասխանեն Յիսուսի կոչին քահանայութեան կամ կրօնաւորական կոչումով, ոմանք ընկերային ծառայութեան մէջ եւ կամ ալ իրենց քրիստոնեայ հաւատքին քաջ վկայութիւն տալով: Այն երիտասարդը եւ երիտասարդուհին որոնք լրջօրէն կÿապրին այսօրուայ ուխտագնացութեան խորհուրդը՝ նոր համոզումներով ետ տուն կը դառնան, Յիսուսին ձայնը լսելէ ետք, եւ իրենք զիրենք կը տրամադրեն անոր ծառայութեան՝ վկայութիւն տալով սուրբ Աւետարանին իրենց կենցաղով եւ գործերով: Անոնք ընդհանրապէս պատրաստ կÿըլլան նուիրուելու Եկեղեցւոյ եւ իրենց եղբայրներուն ծառայութեան, մանաւանդ՝ յուսալքուածներուն, մոռցուածներուն եւ տառապեալներուն:
Երբ դեռատի Մարիամը իր «Այո»ն ըսաւ Աստուծոյ կոչին՝ հրեշտակին բերնով, Յիսուս հղացաւ իր արգանդին մէջ, եւ այդ օրէն ի վեր մարդկային պատմութիւնը նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, որովհետեւ Յիսուսի գալուստով կեանքը նոր իմաստ ստացաւ, ուր սէրը կը գերակշռէ: Նկատի առէք որ սուրբ Կոյս Մարիամին «Այո»ն կը կրկնուի ամէն օր Եկեղեցւոյ զաւակներուն կողմէ նոր «Այո»ներով՝ արտասանուած Յիսուսի կոչին, ոչ անպայման եկեղեցականներու եւ կրօնաւորներու կողմէ, այլ ձեզի նման՝ համոզուած քրիստոնեաներէ, որոնք կÿուզեն յանձնառու կերպով ապրիլ իրենց քրիստոնէի կոչումը ամէն ատեն եւ ամէն տեղ՝ տան մէջ, գործին մէջ, սրահին մէջ, եւ ամենուրեք ընկերութեան մէջ: Աւետարանի նման վկաներ բոլորիս ուրախութիւն կը պատճառեն՝ ներկայ տխուր եւ յոռետեսութեան տանող աշխարհին մէջ: Անոնք կը վկայեն իրենց քրիստոնեայ սկզբունքներով եւ կեանքի ապրելակերպով թէ Քրիստոս՝ դրամէն, փայլուն դիրքէն եւ անձնասիրութենէն շատ աւելի կարեւոր է եւ աւելի շահաւոր՝ թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ուրիշներուն համար: Որովհետեւ Քրիստոս ճշմարիտ երջանկութիւն կը շնորհէ բոլոր անոնց որոնք խոնարհ հոգիով կÿուզեն նոր բան մը սորվիլ եւ կը ձգտին յուսատու կեանք մը ապրիլ:
Այսօր պիտի կատարենք նաեւ երեք նուիրեալներու Փոքր Կարգերու տուչութիւնը: Այս ուրախ առիթը, այսինքն նոր կոչումներուն ընդունումը, կը նշանակէ նոր ոյժ մը հայթայթել թէ Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ քրիստոնեայ հասարակութեան: Անոնք կոչուած են իրենց միջավայրին մէջ սուրբ Աւետարանի ուրախութիւնը տարածելու, քանի որ ուր Քրիստոս կը քարոզուի՝ հոն կը ստեղծուի երջանիկ մթնոլորտ մը, նոյնիսկ երբ դժուարութիւնները չեն պակսիր: Այս պարագաներուն ժամանակ՝ յայտնի կÿըլլայ թէ ո՞վ հաւատք ունի: Այն անձն է որ դժուար կացութեան ատեն իր աչքերը Աստուծոյ վրայ սեւեռած կը պահէ եւ ան որուն յոյսը չի ցնցուիր: Փորձութիւններուն ժամանակ կը յայտնուի հաւատաւոր մարդը, կÿըսէ Սուրբ Պօղոս:
Այս ապագայ առաքեալները, ուր որ ալ ղրկուին, պիտի ճանչցնեն Քրիստոսը, որովհետեւ նախ անոնք տարիներու ընթացքին զայն ճանչցած են եւ դեռ կը ջանան աւելի լաւ ճանչնալ, ու անոր պատգամին համոզուած են: Անոնք պիտի արտայայտեն նախ՝ իրենց ապրելակերպով, անկէ ետք՝ իրենց խօսքով, թէ Յիսուս իրենց սիրտը գոհացուցած է, որովհետեւ Յիսուս եղած է իրենց կեանքին տեւական ընկերը: Արդեօք կա՞յ աւելի վսեմ եւ աւելի խանդավառիչ բան մը քան թէ կեանքին խօսքը, այսինքն Յիսուսի Խօսքը սփռել մարդոց մէջ, խօսք մը որ, ըստ սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչին, սուրբ Հոգիին կենդանի ջուրն է:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր աշխարհասփիւռ տարածութեամբ կը տառապի առաքեալներու պակասէն եւ կարողութիւնը չունի տակաւին աւետարանումի գործը գոհացուցիչ կերպով կատարել եւ պէտք եղած ծառայութիւնները մատուցանել մեր ցիրուցան հաւատացեալներուն: Աւետարանումի գործը կախեալ է առաւելաբար քահանաներու թէ՛ քանակէն եւ թէ՛ որակէն: Մեր ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, պէտք է խոստովանինք սակայն որ մեր եկեղեցականներէն շատեր՝ եպիսկոպոս թէ քահանայ, մեծ եռանդով եւ աննկուն կամքով կը նուիրուին իրենց պարտականութիւններուն: Անոնք յաճախ մէկէ աւելի պաշտօնով ծանրաբեռնուած են: Ասոր համար, այս պատեհ առիթէն կÿուզեմ օգտուիլ անոնց ներկայացնելու համար պատրիարքութեան անունով իմ հայրական ջերմ գնահատութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներս իրենց հաւատարմութեան եւ պարտաճանաչութեան համար: Ամենակալն Աստուած, որ իրենց բոլոր զոհողութիւնները կը ճանչնայ եւ որ ծածուկն ալ կը տեսնէ, զիրենք պիտի վարձատրէ յայտնապէս: 
Յուսալից եմ որ Յաւիտենական Քահանան, Յիսուս Քրիստոս, մեր Եկեղեցւոյ համար նորանոր կոչումներ պիտի յարուցանէ, նաեւ ձեր շարքերէն, որպէսզի կարողանանք Քրիստոսի սէրը եւ ուրախութիւնը լաւագոյնս սփռել մեր հաւատացեալներուն մօտ ամենուրեք: Յատուկ կերպով ձեզմէ կը խնդրեմ որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք եկեղեցական դասը, մանաւանդ անոնք, որ ձեր հոգ հոգւոցովը կը զբաղին: Եւ Յիսուսի պատուէրին անսալով, յարատեւօրէն «աղօթեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մտթ. 9,37):
Սիրելի նուիրեալներ, այս է ձեր առաքելութեան կեդրոնական բնաբանը՝ Քրիստոսին վկայել եւ ուրախութիւն սփռել, որպէսզի շատեր մասնակից դարձնէք ձեր ուրախութեան: Այս ալեկոծեալ աշխարհին մէջ, պէտք է որ սուրբ ըլլաք եւ Աւետարանին լոյսը ճառագայթէք ձեր կեանքով, ձեր խօսքով, ձեր ապրումով, անոր համար որ Յիսուսի ուրախութիւնը լեցնէ բոլորին սիրտերը: Միայն այս ձեւով է որ պիտի կարենաք ամէնուն փոխանցել հարազատ երջանկութիւնը, մանաւանդ՝ տխուր, մռայլ ու յուսալքուած հոգիներուն, եւ որքան բազմաթիւ են անոնք ձեր շուրջ:
Սիրելիներ, եղէ՛ք Աւետարանի ուսուցման առաքեալներ, որովհետեւ Քրիստոս՝ բոլոր դժուար եւ յուսահատ պարագաներուն պատասխանը տուած է իր յարութեամբը, եւ քանիներ արդէն կÿապրին այս համոզումով՝ խաղաղ եւ երջանիկ: Այս է մաղթանքս որ կը կատարեմ ապագայ քահանաներուդ, որոնց համար, ձեզմէ՝ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կը խնդրեմ որ իրենց թիկունք հանդիսանաք, որպէսզի կարողանան սուրբ Աւետարանին ուրախութիւնը եւ յոյսը սփռել ուր որ ըլլան. Ամէն:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ